ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շնորհաւորական մը ուղարկեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին, որու գլխաւորած «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը յառաջատար դիրքի վրայ դուրս եկաւ վերջին արտահերթ խորհրդարանական ընտրութենէն։ Նախընթաց օր Գումգաբուէն ուղարկուած շնորհաւորականին մէջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Փաշինեանին բարեմաղթութիւններ փոխանցեց՝ յանուն Կրօնական ժողովին եւ մեր համայնքային հաստատութիւններուն։

Շաբաթ, Յունիս 26, 2021