ԱՆՆԱԽԸՆԹԱՑ ԱՅՑ

Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն կողմէ պատուիրակութիւն մը վերջին օրերուն տարածքաշրջանային ուղեւորութիւն մը իրականացուց Հարաւային Կովկասէ ներս։ Այս պատուիրակութեան կազմին մէջ կը գտնուէին Ռումանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Պոկտան Աուրէսքօ, Լիթվայի Արտաքին գործոց նախարար Կապրիէլուս Լանտապերկիս, Աւստրիոյ Եւրոպայի եւ միջազգային հարցերու գծով նախարար Ալեքսանտր Շալլենպերկ, Հարաւային Կովկասի հարցերով ԵՄ-ի յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար եւ Միխայէլ Զիպերթ (Արեւելեան գործընկերութեան եւրոպական ծրագրի՝ Ռուսաստանի, Արեւելեան գործընկերութեան, Կեդրոնական Ասիոյ, տարածքաշրջանային համագործակցութեան եւ ԵԱՀԿ-ի հարցերով կառավարիչ տնօրէն)։ ԵՄ-ի արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատար Ժոզէֆ Պորելի կողմէ լիազօրուած այս պատուիրակութիւնը երէկ շփումներ ունեցաւ Պաքուի եւ Երեւանի մէջ՝ հիւրընկալուելով ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Եւրոպացի նախարարները Երեւանի մէջ տեսակցեցան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։ Քննարկուեցան Հայաստան-Եւրոմիութիւն օրակարգին վերաբերեալ հարցեր, նաեւ արժեւորուեցան տարածքաշրջանային խնդիրները։ Եւրոպացի նախարարները Փաշինեանի հետ զրուցելու ժամանակ ընդգծեցին, որ պատմութեան մէջ առաջին անգամ նման պատուիրակութիւնով տարածքաշրջանային այցելութիւն մը կ՚իրականացուի։ Անոնք ընդգծեցին Հարաւային Կովկասէ ներս անվտանգութեան ու կայունութեան ապահովման կարեւորութիւնը, ինչ որ առանցքային նշանակութիւն ունի նաեւ ԵՄ-ի անվտանգութեան ապահովման համատեսքին մէջ։ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կողմերու միջեւ վստահութեան մթնոլորտի ձեւաւորման եւ ամրապնդման անհրաժեշտութիւնն ալ ընդգծեցին եւրոպացի նախարարները, որոնք կարեւորեցին մարդասիրական բնոյթով հարցերու լուծումը՝ ներառեալ հայ ռազմագերիներու վերադարձը։

Նիկոլ Փաշինեան մատնանշեց, որ Հայաստանի սահմանը խախտած Ատրպէյճանի զօրքերը պէտք է վերադառնան իրենց ելման դիրքերը։ Ըստ իրեն, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի համապարփակ կարգաւորման գործընթացը պէտք է տեղի ունենայ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի շրջանակին մէջ։

Նախագահ Արմէն Սարգսեանի հետ զրուցելու ընթացքին եւս եւրոպացի նախարարները շեշտը դրին տարածքաշրջանային խաղաղութեան կարեւորութեան վրայ։ Ընդգծուեցաւ նաեւ ԵՄ-ի Արեւելեան գործընկերութեան նշանակութիւնը։ Արմէն Սարգսեան եւ եւրոպացի նախարարները կարծիքներ փոխանակեցին յետպատերազմեան իրավիճակի շուրջ։ Նախագահը նշեց, որ գերիներու վերադարձի հրատապ հարցին շուրջ Հայաստան կ՚ակնկալէ միջազգային գործընկերներու աջակցութիւնը։

Ալեքսանտր Շալենպերկ «Ազատութիւն» ռատիօկայանին տուած հարցազրոյցին մէջ մատնանշեց, որ Հայաստան տարածքաշրջանէ ներս շատ կարեւոր գործընկեր մը կը համարուի Աւստրիոյ համար։ Ան նշեց, որ դէպի տարեվերջ նախատեսուած է ԵՄ-ի Արեւելեան գործընկերութեան գագաթաժողովը։ Դեկտեմբերի այս կարեւոր հանդիպման ընդառաջ Պրիւքսել կը ձգտի վերահասու դառնալ Հարաւային Կովկասի երկիրներու ակնկալութիւններուն՝ նախապատրաստական ներկայ փուլին։ Տարածքաշրջանի երկիրներու հետ յարաբերութիւններու խորացման նպատակը կը հետապնդուի ԵՄ-ի կողմէ։

Ըստ Պաքուէ հասած լուրերու, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւն ալ եւրոպացի նախարարները հիւրընկալելու ժամանակ յայտնեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը լուծուած է։ Ան խօսեցաւ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիր մը կնքելու հեռանկարին շուրջ՝ ընդգծելով, որ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւններէն վերջ իրենք դրական արձագանգի յոյս ունին։ Ալիեւի խօսքով՝ Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ստորագրուած հրադադարի համաձայնագիրը շատ ընդգրկուն է։ Այդ մէկը սոսկ հրադադարի համաձայնագիր մը չէ։ «Մենք պէտք է մտածենք յետպատերազմեան իրավիճակի մասին։ Մենք շրջեցինք այս էջը եւ պատրաստ ենք յառաջ երթալ եւ նպաստել տարածքաշրջանային կայունութեան», ըսաւ Ալիեւ եւ աւելցուց, որ հայկական կողմը կ՚անտեսէ Պաքուի յայտարարութիւնները՝ խաղաղութեան համաձայնագրի շուրջ բանակցութիւններու ձեռնարկելու մասին։ Ըստ իրեն, հաւանական է, որ նախընտրական վիճակը նպաստաւոր չէր այս ուղղութեամբ, սակայն այժմ իրենք դրական արձագանգի յոյս ունին, երբ ընտրութիւնները աւարտած են։

ԹԻՖԼԻԶԷՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ

Միւս կողմէ, Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլի յայտարարեց, որ իր երկիրը պատրաստակամ է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ միջնորդի դեր ստանձնելու համար։ Վրաստանի խորհրդարանէն ներս ունեցած ելոյթին ժամանակ Ղարիպաշվիլի անդրադարձաւ վերջերս Թիֆլիզի կատարած դերին՝ 15 հայ ռազմագերիներու ազատ արձակման ուղղութեամբ։ «Սա Վրաստանի նկատմամբ երկու երկիրներու առաջնորդներու վստահութեան արտայայտման ձեւ մըն էր», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ հարեւան երկիրներէ ներս խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը չափազանց կարեւոր էր Վրաստանի համար։ «Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմը լուրջ դժուարութիւններու դէմ յանդիման թողուց ամբողջ տարածքաշրջանը», ըսաւ Ղարիպաշվիլի եւ աւելցուց, որ իր գլխաւորած կառավարութիւնը կը հետեւի՝ համագործակցութեան կշռադատուած եւ միեւնոյն ժամանակ փոխադարձ շահաւէտ քաղաքականութեան մը։

«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Ղարիպաշվիլի նոյն ելոյթի ընթացքին խօսեցաւ նաեւ Թուրքիա-Վրաստան յարաբերութիւններուն շուրջ։ Ան ընդգծեց, որ Անգարա Թիֆլիզի ռազմավարական դաշնակիցն է եւ մեծագոյն առեւտրական գործընկերը։ Կողմերը կը ձգտին կրկնապատկել առեւտուրի ծաւալը, որ ներկայիս կը հասնի 1.5 միլիառ տոլարի մակարդակին։ Ըստ իրեն, Թուրքիա-Վրաստան-Ատրպէյճան եռակողմանի ձեւաչափով համագործակցութեան շուրջ արժեւորումներն ալ միշտ կը շարունակուին։

Շաբաթ, Յունիս 26, 2021