ԱՐԱՏԸ ՊԱՀՊԱՆՈՒԱԾ

Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի կողմէ գլխաւորուած «Հայ ազգային քոնկրէս» կուսակցութիւնը երէկ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ երկրի վերջին արտահերթ խորհրդարանական ընտրութեան մասին։ Այս առթիւ շեշտուեցաւ, որ վերջին արտահերթ ընտրութիւնները հեռու էին ազատ եւ արդար ըլլալէ, նաեւ որակապէս լուրջ նահանջ էին 2018 թուականի ընտրութիւններուն բաղդատմամբ։ «Հակառակ տրուած բազմաթիւ խոստումներուն եւ երաշխիքներուն, իշխանութիւնները տապալեցին նաեւ այս քննութիւնը՝ արգելակելով Հայաստանի ժողովրդավարական զարգացման ճանապարհը», նշուած է ընդդիմադիր ուժի յայտարարութեան մէջ։

Սկզբնական արդիւնքներով ձայներուն 1.54 տոկոսը ստացած այս կուսակցութեան արժեւորման մէջ ընդգծուած է, որ իշխանութիւնները ամբողջ ծաւալով օգտագործած են վարչական պաշարը՝ ներառեալ նախարարութիւններու, մարզպետարաններու եւ տեղական իշխանութիւններու լծակները, նոյնիսկ բանակը ուղղորդած են քուէարկութեան հարցին մէջ։ «Հայաստանի ընտրական համակարգի՝ վերջին տասնամեակի ամենախոշոր արատը՝ փողի ապօրինի ազդեցութիւնը քաղաքական գործընթացներու վրայ լիովին պահպանուած է», արձանագրուած է քոնկրէսի յայտարարութեան մէջ։

Տէր-Պետրոսեանի գլխաւորած քաղաքական ուժը դիտարկած է, որ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը, «Հայաստան» եւ «Պատիւ ունիմ» դաշինքները, «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը անվերահսկելիօրէն օգտագործած են օրէնքով թոյլատրուած չափէն հսկայական ծաւալով աւելի՝ միլիոնաւոր տոլարներու ելմտական միջոցներ՝ ներառեալ ընտրակաշառքի տեսքով։ Իշխանութեան, իրաւապահ մարմիններու եւ ընտրական յանձնաժողովներու գործողութիւնները այդ ապօրինութիւնները կանխելու ուղղութեամբ ընդամէնը «քոզմեթիք» բնոյթ կրած են։

Շաբաթ, Յունիս 26, 2021