2800 ՏԱՐՈՒԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ

CNN ամերիկեան հեռուստակայանը հրապարակեց Եւրոպայի այն 20 ամենագեղեցիկ քաղաքներու ցանկը, որոնց շարքին կը գտնուի Երեւան։ Հեռուստակայանին կողմէ հրապարակուած ցուցակը ունի առանձնայատկութիւն մը։ Արդարեւ, այնտեղ ընդգրկուած քաղաքները թէեւ կ՚առանձնանան իրենց գեղեցկութեամբ, սակայն մեծ թիւով զբօսաշրջիկներ չեն հիւրընկալեր։ CNN մատնանշած է, որ Երեւանի տեսարժան վայրերը ցայսօր քիչ բացայայտուած են զբօսա-շըրջիկներու կողմէ։

«Հայաստանի մայրաքաղաքի տեղադիրքը Եւրոպայի հեռաւոր արեւելեան շրջաններուն մէջ կը նշանակէ, որ ճամբորդութեան մեկնողները յաճախ զայն նկատի չեն առներ։ Սակայն աւելի քան 2800 տարուան պատմութեամբ այս քաղաքին մէջ անցեալը կարելի է զգալ նոյնիսկ առանց զբօսաշրջիկներու մեծ խումբերու», նշուած է հեռուստահաղորդման մէջ։

Նիւթի հեղինակները զբօսաշրջիկներուն խորհուրդ կու տան ծանօթանալ Հայ Եկեղեցւոյ եւ Երեւանի հայկական եկեղեցիներուն։ Մայրաքաղաքի պատմութեան հաղորդ դառնալու տեսակէտէ կ՚առաջարկուի նաեւ ծանօթանալ «Էրեբունի» պատմաճարտարապետական թանգարանին։

Նոյն ցանկին ներառնուած քաղաքներուն մէջ կը գտնուին՝ Անգարա, Մինսք, Պերն, Թիֆլիզ եւ այլն։

Ուրբաթ, Յուլիս 26, 2019