ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԹՈՔԻՈՅԻ ՄԷՋ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՒ ՃԱԲՈՆԻ ԿԱՅՍԵՐ ԵՒ ՎԱՐՉԱՊԵՏԻՆ ՀԵՏ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Թոքիոյի մէջ կազմակերպուած Ողիմպիականներու բացման մասնակցելու համար մեկնած է Ճաբոն, ուր կ՚ունենայ զանազան շփումներ։ Հայ մարզիկները խրախուսելու առընթեր, Արմէն Սարգսեան ճաբոնական զանազան յառաջատար փորձագիտական ընկերութիւններու ղեկավարներուն հետ խորհրդակցութիւններ ալ կ՚ունենայ՝ մասնաւորապէս արհեստական բանականութեան բնագաւառէ ներս համագործակցութեան հեռանկարներուն շուրջ։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Արմէն Սարգսեան Թոքիոյի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ Ճաբոնի Նարուհիթօ կայսեր եւ վարչապետ Սուկա Եոշիհիտէի հետ։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, քննարկումներու ընթացքին օրակարգի վրայ եկան հայ-ճաբոնական յարաբերութիւններու խորացման հաւանականութիւնները։ Արմէն Սարգսեան կարեւորեց նորարարութեան, սնունդի անվտանգութեան, բարձր փորձագիտութիւններու, արհեստական բանականութեան ոլորտներէ ներս ճաբոնական ընկերութիւններու հետ համագործակցութիւնը։

Արմէն Սարգսեան եւ Սուկա Եոշիհիտէ ընդգծեցին, որ գոյութիւն ունի երկկողմանի առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններու ընդլայնման մեծ ներուժ մը, սակայն այդ մէկը ներկայիս լիարժէքօրէն կեանքի չի կոչուիր։ Արմէն Սարգսեան յատկապէս խօսեցաւ բնապահպանական ոլորտէ ներս համագործակցութեան շուրջ եւ բացատրութիւններ տուաւ Սեւանայ լիճի բնապահպանական միջավայրի բարելաւման ուղղեալ աշխատանքներուն շուրջ։

Ճաբոնի կայսեր հետ տեղի ունեցած առանձնազրոյցի ընթացքին ալ Արմէն Սարգսեան անդրադարձաւ երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն։ Կողմերը համակարծիք գտնուեցան երկու ժողովուրդներու միջեւ բարեկամական կապերու պահպանման կարեւորութեան ուղղութեամբ։

Երկուշաբթի, Յուլիս 26, 2021