«ԱՇԽԱՐՀԻ ԿԻՆԸ»

Կը տեղեկանանք, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն ներս, Գալիֆորնիոյ Նահանգային համալսարանի, Ֆրեզնօ, հրատարակչատան հայկական մատենաշարը վերջերս լոյս ընծայած է իր 16-րդ հատորը, որու հեղինակներն են Վարդան Մատթէոսեան եւ Արծուի Բախչինեան։ «Աշխարհի կինը. Արմէն Օհանեան՝ «շամախեցի պարուհին» (A Woman of the World: Armen Ohanian, the Dancer of Shamakha) կը կոչուի այս գիրքը, որու հրատարակութիւնը լայն արձագանգ ստեղծած է եւ ան արդէն իսկ բարձր գնահատանքի կ՚արժանանայ իր որակով։ 

Հեղինակները կը ներկայացնեն արտասովոր հայուհիի մը՝ պարուհի եւ գրագիտուհի Արմէն Օհանեանի (1888-1976) հետաքրքրական կենսագրութիւնը: Կովկաս ծնած այս կինը ծանօթ էր կէս տասնեակ լեզուներու եւ իսկապէս «աշխարհի կին» մըն էր, որ ապրած է այնպիսի ժամանակներու եւ վայրերու մէջ. ինչպէս՝ ռուսական Կովկասը, Իրանի սահմանադրական յեղափոխութիւնը, «Հիանալի դարաշրջանը» (La Belle Époque) Ֆրանսայի մէջ, «Աղմկալից 20-ականները» (The Roaring Twenties) Միացեալ Նահանգներու մէջ, վաղ Խորհրդային Միութիւնը, իր օրերը աւարտելով Մեքսիքոյի մէջ՝ առեղծուածներով կեանք մը ապրելէ ետք։

Օհանեան դերասանուհի եղած է Կովկաս, թատրոնի բեմադրիչ՝ Պարսկաստանի մէջ, գրագէտ` Ֆրանսայի մէջ եւ գրականագէտ ու թարգմանիչ՝ Մեքսիքոյի մէջ, բազմաթիւ մշակոյթներու կամուրջ ըլլալով։ Ամենէն աւելի հռչակուած է իբրեւ պարուհի Ասիայէն մինչեւ Ափրիկէ, Եւրոպայէն մինչեւ Ամերիկա՝ «շամախեցի պարուհի» եւ «պարսիկ պարուհի» մակդիրներով։ Անոր պարերը մաս կազմած են Արեւմուտքի մէջ տարածուող Մերձաւոր եւ Հեռաւոր Արեւելքի պարերու այն ալիքին, որոնց մեկնաբանները իրենց բնիկ մշակոյթէն սնած պարարուեստ կը ներկայացնէին։

Նշանաւոր նկարիչներ եւ քանդակագործներ պատկերացուցած են Արմէն Օհանեանը, որուն մասին վկայած են շատ յայտնի ժամանակակիցներ իրենց նամակներուն եւ յուշերուն մէջ։ Անոր կեանքը անցած է երկիրներու, լեզուներու եւ մշակոյթներու սահմանները (գրած է չորս լեզուներով՝ հայերէն, ռուսերէն, ֆրանսերէն եւ սպաներէն, իսկ գործերը հրատարակուած են առնուազն տասնչորս երկիրներու մէջ) եւ ընդգծած՝ «սփիւռք» հասկացութեան հետ միահիւսուած տարրեր. ինչպէս՝ անդրազգայնութիւն, բազմալեզուութիւն, բազմամշակութայնութիւն եւ հայրենիքի բազմակողմանի ըմբռնում։

Վարդան Մատթէոսեանի եւ Արծուի Բախչինեանի համատեղ այս աշխատութիւնը արդիւնքն է երկու տասնամեակներու վրայ երկարած հետազօտութեան, որուն սկզբնական արդիւնքը հրատարակուած էր հայերէն հատորով (2007), որ այժմ կրկնապատկուած է իր ծաւալով եւ բովանդակած տեղեկութիւններով։ Օգտագործելով արխիւային եւ տպագիր բազմալեզու եւ բազմազան աղբիւրներու հսկայական քանակ մը, հեղինակները նոր էջեր կը բանան արեւելեան բեմական պարի, մշակութային եւ սեռատեսակային (gender) հարցերու, սփիւռքագիտութեան եւ այլ նիւթերու մասնագէտներուն, ինչպէս եւ հետաքրքրասէր ընթերցողին։

Պատմաբան եւ գրականագէտ Վարդան Մատթէոսեան լայն հետաքրքրութիւններ ունի հայ դասական եւ ժամանակակից մշակոյթի ծիրին մէջ: Հրատարակած է հայերէն, սպաներէն եւ անգլերէն ինն գիրք, աւելի քան երկու տասնեակ թարգմանութիւն եւ շարք մը խմբագրուած հատորներ։ Այժմ կը վարէ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ենթակայ առաջնորդարանի (Նիւ Եորք) դիւանապետի պաշտօնը։

Բանասէր Արծուի Բախչինեան՝ սփիւռքի պատմութեան եւ մշակոյթի մասնագէտ, նաեւ գրող եւ թարգմանիչ է։ Հեղինակած, խմբագրած եւ թարգմանած է մօտաւորապէս քսան գիրք եւ մշտական աշխատակից է հայերէն, անգլերէն եւ ռուսերէն պարբերականներու։ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան կաճառի (Երեւան) գիտաշխատող է։

Գալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի հայկական մատենաշարը ստեղծուած է «Մ. Վիկտորիա Գարակէօզեան Գազան եւ Հենրի Ս. Խանզադեան Գազան» հիմնարկի առատաձեռն աջակցութեամբ: Մատենաշարի գլխաւոր խմբագիրը փրոֆ. Պարլօ Տէր-Մկրտիչեանն է։

Երեքշաբթի, Յուլիս 26, 2022