ԱՐԱՐԱՏ ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ ՓՐԱԿԻ ՄԷՋ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Փրակ, ուր կը հիւրընկալուի Չեխիոյ Արտաքին գործոց նախարար Եան Լիփավսքիի եւ Ծերակոյտի նախագահ Միլոշ Վիսթըրչիլի կողմէ։ Հարկ է նշել, որ Չեխիա այս շրջանին Եւրոմիութեան շրջանային նախագահ երկիրն է։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, բանակցութիւններու ընթացքին կը քննարկուին Հայաստան-Չեխիա յարաբերութիւններու ընդլայնման, ժողովրդավարութեան ոլորտէ ներս համագործակցութեան ամրապնդման վերաբերեալ հարցեր։ Օրակարգի վրայ կու գան նաեւ Հայաստան-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան վերաբերեալ հարցեր։ Փրակի մէջ նախատեսուած է նաեւ Արարատ Միրզոյեանի եւ Եան Լիփավսքիի համատեղ մամլոյ ասուլիսը՝ ամփոփելու համար բանակցութիւններու արդիւնքները։

Ինչպէս ծանօթ է, յետպատերազմեան իրավիճակի մէջ վերջին շրջանին զգալիօրէն աշխուժացած է Եւրոմիութեան միջնորդական դերը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ։

Երեքշաբթի, Յուլիս 26, 2022