ԴԵՍՊԱՆ ՍԵՐՏԱՐ ՔԸԼԸՉ ԱՅՑԵԼԵՑ ԿԱՐՍ, ՈՒՐ ԶԱՆԱԶԱՆ ՇՓՈՒՄՆԵՐ ՈՒՆԵՑԱՒ ԹՈՒՐՔԻԱ-ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՍԱՀՄԱՆԻՆ ՎՐԱՅ

Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը կը շարունակէ օրակարգը առաջնահերթօրէն զբաղեցնել՝ մէկ կողմէ թեր ու դէմ կարծիքներով եւ քաղաքական բանավէճով, իսկ միւս կողմէ նաեւ զանազան գործնական քայլերով։ Այսպէս, Թուրքիոյ եւ Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչները՝ Սերտար Քըլըչ եւ Ռուբէն Ռուբինեան Վիեննայի իրենց վերջին հանդիպման ժամանակ պայմանաւորուած էին, որ սահմանը բացուի երրորդ երկիրներու քաղաքացիներուն համար։ Այդ համաձայնութեան յաջորդած օրերուն տեղի ունեցած էր նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի եւ Հայաստանի վարչապետ Փաշինեանի հեռախօսազրոյցը։ Երկու մայրաքաղաքներէն ալ տեղեկացուած էր, որ պատկան մարմիններուն անհրաժեշտ յանձնարարականները կը տրուին, որպէսզի համակարգուած աշխատանք տարուի՝ յատուկ ներկայացուցիչներու միջեւ գոյացած համաձայնութիւնները կեանքի կոչելու նպատակով։

Այս բոլորէն վերջ, դեսպան Սերտար Քըլըչ շփումներ ունեցաւ Կարսի մէջ, ուր այցելեց Թուրքիա-Հայաստան սահմանը։ Տեղական աղբիւրներու կողմէ այս այցին շուրջ կատարուած հաղորդումները արձագանգ գտած են նաեւ հայկական լրահոսին մէջ։ Այսպէս, Սերտար Քըլըչ Կարսի մէջ շփումներ ունեցած է իր խումբ մը աշխատակիցներուն հետ։ Ան յաջորդաբար այցելած է Անիի աւերակները, Պանիրի թանգարանը, Պատերազմի պատմութեան թանգարանը եւ Աքեաքայի «Տողու» սահմանադուռը։ Այս բոլորը եղած են դռնփակ այցելութիւններ։ Դեսպան Քըլըչ Կարսի շը-փումներու եզրափակիչ փուլին իրականացուցած է նաեւ շարք մը այցելութիւններ քաղաքի կեդրոնին մէջ։

Այժմ շատ հաւանական է, որ յատուկ ներկայացուցիչներու յաջորդ հանդիպումը այլեւս ուղղակի Թուրքիոյ կամ Հայաստանի մէջ տեղի ունենայ՝ առանց հիւրընկալ կողմերու, ինչ որ առաջին իսկ օրէն հրապարակուած նախընտրութիւն մըն էր Անգարայէն։

Երեքշաբթի, Յուլիս 26, 2022