ՄԻՇՏ ՇՓՄԱՆ ՄԷՋ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն երէկ հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Մինչ Հարաւային Կովկասի պարագային իրադարձութիւնները բախտորոշ հունի մը մէջ կ՚ընթանան, Ուաշինկթըն անմիջական շփման մէջ կը մնայ Երեւանի եւ Պաքուի ղեկավարութիւններուն հետ՝ քանի Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմն ալ կը պայմանաւորէ Մոսկուայի ազդեցութեան լծակները այս տարածաշրջանին մէջ։

Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Նիկոլ Փաշինեան եւ Էնթընի Պլինքըն քննարկեցին Հայաստան-ԱՄՆ երկկողմանի օրակարգին, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանի անվտանգութեան ու կայունութեան վերաբերեալ հարցեր։ Կողմերը մասնաւոր ուշադրութիւն կեդրոնացուցին Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան բանակցութիւններուն, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման, տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու բացման, գերիներու վերադարձին եւ կորսուած անձերու ճակատագրի պարզաբանման վերաբերեալ հարցերու վրայ։ Պլինքըն յայտնեց, որ որպէս ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ՝ ԱՄՆ պատրաստակամ է աջակցելու այս բոլոր հարցերու լուծման։ Վարչապետ Փաշինեան վերահաստատեց խաղաղութեան օրակարգին նկատմամբ իր նուիրուածութիւնը եւ ընդգծեց, որ Հայաստանի հանրութիւնը կ՚աջակցի այս ուղեգծին։

Զրուցակիցները շօշափեցին նաեւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացի իրադարձութիւնները։ Պլինքըն ողջունեց ներկայ ամսուան 11-ին Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի եւ վարչապետ Փաշինեանի միջեւ տեղի ունեցած հեռախօսազրոյցը։ Ան արտայայտեց ամերիկեան կողմի պատրաստակամութիւնը՝ աջակցելու Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման։

Փաշինեան եւ Պլինքըն գոհունակութիւն յայտնեցին Հայաստան-ԱՄՆ բարձր մակարդակով շփումներուն համար եւ համաձայնեցան երկխօսութիւնը շարունակելու ուղղութեամբ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարութեան բանբեր Նետ Փրայս գրեթէ նոյնանման բովանդակութեամբ բացատրութիւններ տուած է այս երկու հեռախօսազրոյցներուն շուրջ։ Հիմնական տարբերութիւնն է, որ Պլինքըն Ալիեւին յորդորած է ազատ արձակել մնացեալ բոլոր հայ ձերբակալեալները։

ՄՕՏԱԼՈՒՏ ԺՈՂՈՎ

Միւս կողմէ, Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան հարցերու յանձնաժողովներու հանդիպումը նախատեսուած է գալ ամիս Մոսկուայի մէջ։ Այս յանձնաժողովներու ստեղծման մասին համաձայնութիւնը Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ գոյացած էր Եւրոմիութեան միջնորդութեամբ։ Յանձնաժողովները կը գլխաւորեն Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան եւ Ատրպէյճանի փոխ-վարչապետ Շահին Մուսթաֆաեւ։ Անոնց առաջին հանդիպումը անցեալ մայիսի վերջաւորութեան տեղի ունեցած էր Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ։ Այժմ երկրորդ հանդիպումը նախատեսուած է Մոսկուայի մէջ։

Երեքշաբթի, Յուլիս 26, 2022