ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱՆՔՆԵՐՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿԸ

Հայաստանի վարչապետին եւ Թուրքիոյ նախագահին միջեւ կայացած հեռաձայնային փոխշնորհաւորանքները լայն հնչեղութիւն ապահոված են եւ կը ձգեն այն տպաւորութիւնը, թէ գործընթացը արագ է՝ արդիւնքներու յանգելու ուղղութեամբ:

Հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը բեմադրուած է: Դժուար է պատկերացնելը, որ Ատհայի տօնի շնորհաւորանքին դիմաց Թուրքիոյ նախագահը արագօրէն պիտի մտաբերէր հայոց Վարդավառը եւ փոխադարձէր շնորհաւորանքին: Բեմադրութիւնը, ուրեմն, կը միտէր երկխօսութեան գործընթացի ընդգծումը կատարելու եւ շեշտելու խաբուսիկ հեռանկարայնութիւնը՝ մանաւանդ, որ պաշտօնական հաղորդագրութիւնը կը խօսի Ատհա-Վարդավառէն ետք Վիեննայի վերջին հանդիպումին ձեռք բերուած երկու համաձայնութիւններուն, շուտով զանոնք կեանքի կոչելու անդրադարձին մասին:

Այս բեմադրութեան մէջ կայ կարեւոր այլ հանգամանք, որ չի վրիպիր ուշադրութենէ: Հեռաձայնային հաղորդակցութեան նախաձեռնողը հայկական կողմն է: Նախաձեռնողականութիւնը այս պարագային անպայման խաղի կանոն ճշդողի հանգամանքին համազօր չէ: Նախաձեռնողականութեան գործօնը այս պարագային պարտուած կողմէն պահանջուած քայլի վերափոխուած է:

Այլապէս, երբ տակաւին ըստ մեր անվըտանգութեան հայեցակարգային փաստաթուղթերուն Թուրքիան ո՛չ միայն Հայաստանի Հանրապետութեան, այլեւ ընդհանրապէս տարածաշրջանային մակարդակով սպառնալիք է, շնորհաւորանքի նախաձեռնութիւնը կը դարձնէ խիստ տարակուսելի:

Տակաւին. Անգարա կը շարունակէ փոխկապակցել Երեւանի հետ երկխօսութիւնն ու հայ-ատրպէյճանական բանակցութիւնները: Անգարա կը շարունակէ պահանջել «Զանգեզուրեան միջանցք»ը՝ վերափոխելով դասական պայմանները եւ մանաւանդ՝ արծարծել Հայաստանի Հանրապետութիւն-Թուրքիա սահմանագծումը:

Ըստ էութեան, այս երեք պայմանները Անգարայի յառաջ քշած դասական նախապայմաններու վերափոխուած տարբերակներն են: (…)

Ատհա-Վարդավառ շնորհաւորանքներուն առընթեր եւ անոնցմէ առաջ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի աշխատանքով Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տան կանոններու յանձնաժողովի մօտ կ՚արծարծէր հիմնական երեք կէտ՝

- Հայ ռազմագերիներու ազատ արձակում,

- Ատրպէյճանի ռազմական յանցագործութիւններու մասին հաշուետուութեան պահանջ,

- Սահմանափակել «Ֆ-16»-ներու վաճառքը Թուրքիոյ:

Այստեղ շեշտակիօրէն յստակ է Անգարայի դերը թէ՛ ռազմագերիներու շահարկումին եւ թէ ընդհանրապէս պատերազմի ընթացքին գործադրուած զանազան տեսակի յանցագործութիւններուն մէջ:

Հայ դատի բանաձեւած պահանջներէն երկուքը կը վերաբերին Պաքուին, երրորդը՝ Անգարային, պարզ է ուղերձը: Անգարան է պատասխանատուն առաջին երկու կէտերուն, հետեւաբար Ուաշինկթընէն կը պահանջուի դիրքորոշուիլ: (…)

Շնորհաւորանքները պետութիւններու միջեւ օրինաչափ են եւ արարողակարգային: Անոնք տարբեր հանգամանքներու կրնան ձեւափոխուիլ, առկախուիլ կամ ընդհանրապէս տեղի չունենալ, երբ զուգահեռ ճնշող եւ պարտադրող քայլեր կ՚առնուին մէկ կողմէն: Մանաւանդ երբ այդ կողմը պատերազմ սանձազերծած է եւ կը պատրաստուի պատերազմի արդիւնքներու հիման վրայ միակողմանի զիջումներ ձեռք ձգելու:

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Խմբագրական՝ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի

Երեքշաբթի, Յուլիս 26, 2022