ԳՈՌ ՄԻՆԱՍԵԱՆ ԱԽՈՅԵԱՆ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐՈՒ

Ողիմպիական խաղերու փոխ-ախոյեան, ծանրորդ Գոռ Մինասեան դարձաւ Համաշխարհային ուսանողական խաղերու ախոյեան:

«Արմէնփրէս» գործակալութեան հաղորդմամբ, Մինասեան նախ վերցուց 195 քիլօկրամ, այնուհետ՝ 200 քիլօկրամ: Գոռ Մինասեան՝ երրորդ մօտեցման ժամանակ՝ չկրցաւ բարձրացնել 206 քիլօկրամ: Հրում վարժութեան մէջ, հայ ծանրորդը առաջին մօտեցման ժամանակ չբարձրացուց 230 քիլօկրամ: Սակայն, երկրորդ մօտեցման ժամանակ ան գլխավերեւը պահեց 230 քիլօկրամ: Երրորդ մօտեցումով՝ Մինասեան չբարձրացուց 235 քիլօկրամ: Երկամարտի 430 քիլօկրամ արդիւնքով՝ Գոռ Մինասեան դարձաւ Համաշխարհային ուսանողական խաղերու ախոյեան:

Գոռ Մինասեան 2015 թուականին դարձաւ աշխարհի առաջնութեան պրոնզէ, 2016 եւ 2017 թուականներուն՝ Եւրոպայի առաջնութիւններու արծաթէ, իսկ 2016 թուականին՝ Ողիմպիական խաղերու փոխ-ախոյեան։

Շաբաթ, Օգոստոս 26, 2017