ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՕՐՕՐՆԵՐ ԾՐԱԳՐԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Երեւանի Կոմիտասի թանգարան-կաճառին մէջ, այսօր, տեղի կ՚ունենայ «Օրօրներ» կրթական ծրագրի եօթներորդ հանդիպումը՝ որու ընթացքին մասնակիցները կը ծանօթանան հայ աւանդական օրօրոցայիններուն, այնուհետեւ կը սորվին քանի մը երգ։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, հանդիպումը կը վարէ Նայիրի Խաչատուրեան։

«Օրօրներ» կրթական ծրագրի նպատակն է առօրեայ կենցաղ վերադարձնել եւ տարածել հայկական աւանդական օրօրոցայինները՝ որպէս երեխայի մօտ նախնական գեղագիտական ընկալումներ զարգացնելու, անոր ներդաշնակ հոգեբանական զարգացումը խթանելու, զայն ազգային երաժշտութեան աւանդութիւններուն հաղորդ դարձնելու եւ հայեցի դաստիարակելու կարեւոր միջոց։

Միւս կողմէ, Կոմիտասի թանագարան-կաճառի «Օրօրներ» կրթական ծրագիրը ԻՔՕՄ-ի կրթութեան եւ մշակութային գործունէութեան միջազգային կոմիտէի «Լաւագոյն փորձ» կրթական ծրագրերու 2016 թուականի մրցանակաբաշխութեան ժամանակ արժանացած է մրցանակի եւ ընդգրկուած՝ լաւագոյն ծրագրերու հնգեակին մէջ։

Շաբաթ, Օգոստոս 26, 2017