ՀԲԸՄ FOCUS 2017

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) վերջերս Լիբանանի բազմամշակոյթ միջավայրին մէջ համախմբեց Աւստրալիայէն, Պրազիլէն, Թայլանտէն եւ աշխարհի այլ երկիրներէն ժամանած երիտասարդ մասնագէտներ։ Անոնք Պէյրութի մէջ համախմբուեցան ՀԲԸՄ FOCUS 2017 ձեռնարկին առթիւ։ Բարեգործականը տասնվեց տարիէ ի վեր հետեւողականօրէն կեանքի կը կոչէ այս ծրագիրը, որ դարձած է աւանդական։ Այս տարի շուրջ 400 մասնագէտներ Պէյրութի մէջ իրականացուցին փորձառութեան եւ գիտելիքներու նշանակալի փոխանակում մը։ Անոնք այսպէսով մէկ կողմէ ընդլայնեցին իրենց համագործակցութեան ցանցը, իսկ միւս կողմէ Պէյրութի եզակի մթնոլորտին մէջ մասնակցեցան շարք մը մշակութային եւ ընկերային ձեռնարկներու։ ՀԲԸՄ FOCUS 2017-ի համակարգող Նատիա Կէօշկէրեան յայտնեց, որ իրենք նախատեսած էին իր ամբողջութեան մէջ ներկայացնել լիբանանա-հայկական բազմակողմանի փորձառութիւն։

Պէյրութի «Թուային աշխարհ» թաղամասէն ներս տեղի ունեցաւ «Հեռանկարներ» խորագրեալ ձեռնարկ մը՝ լիագումար նիստի ձեւաչափով քննարկումներով։ Երեկոյթի ընթացքին զանազան ճիւղերու մասնագէտներ իրենց մտորումները ներկայացուցին եւ անոնց կարծիքները ընկալուեցան մեծ հետաքրքրութեամբ՝ քանի որ բոլորն ալ իրենց ընդգրկած ասպարէզէն ներս բեկում ապահոված են։

ՀԲԸՄ-ի Պէյրութի «Տեմիրճեան» կեդրոնի երդիքին տակ ալ տեղի ունեցաւ շնորհանդէս-համաժողով մը։ Հաւաքոյթի ընթացքին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի մասնաճիւղի վարչայիններէն Կարի Նազարեան։

Հարկ է նշել, որ ՀԲԸՄ FOCUS-ները ցարդ համախմբած են շուրջ երեք հազար երիտասարդ։ Ցայսօր աշխարհի եօթ տարբեր քաղաքներուն մէջ կազմակերպուած է այս ձեռնարկը. ինչպէս՝ Նիւ Եորք, Մոնթրէալ, Մայամի, Շիքակօ, Փարիզ, Սան Ֆրանսիսքօ եւ Թորոնթօ։ Այս տարի Պէյրութի մէջ կազմակերպուեցաւ սոյն աւանդական ձեռնարկը, որու ընթացքին 100 հազար ամերիկեան տոլար հանգանակուեցաւ ՀԲԸՄ-ի կրթաթոշակային ծրագրերուն համար։

Շաբաթ, Օգոստոս 26, 2017