ՃՈՆ ՄԱԼՔՈՎԻՉ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ

Հոլիվուտեան աշխարհահռչակ դերասան Ճոն Մալքովիչ Երեւանի մէջ պիտի մասնակցի աշխարհահռչակ Արամ Խաչատրեանի անուան միջազգային 5-րդ փառատօնի բացման հանդիսաւոր արարողութեան: «Արմէնփրէս» գործակալութեան հաղորդմամբ, Արամ Խաչատրեանի անուան միջազգային 5-րդ փառատօնի բացման հանդիսաւոր երեկոյթը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ Հոկտեմբերի 11-ին: Միջոցառումը, որ կազմակերպուած է Հայաստանի Պետական երիտասարդական նուագախումբին կողմէ, պիտի իրականանայ Արամ Խաչատրեան համերգասրահի երդիքին տակ։

Այս առթիւ Մալքովիչ ելոյթ պիտի ունենայ Հայաստանի Պետական երիտասարդական նը-ւագախումբին հետ։

Շաբաթ, Օգոստոս 26, 2017