ՅԱՄԱՌ ՍՊԱՍՈՒՄ

Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացը ներկայիս դարձեալ առաջնահերթ տեղ կը զբաղեցնէ օրակարգի վրայ։ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի այժմ արդէն նախկին ամերիկացի համանախագահ Ռիչըրտ Հակլընտի վերջին յայտարարութիւնները առիթ հանդիսացան՝ որպէսզի հայկական կողմը հերթական անգամ ամենաբարձր մակարդակի վրայ անդրադառնայ այս հարցին։ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան նախընթաց օր Երեւանի մէջ Թիւրքմենիստանի Նախագահ Կուրպանկուլի Պերտիմուհամմետովի հետ սարքած համատեղ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ամփոփ գիծերու մէջ անդրադարձաւ հիմնախնդրին։ Այսպէս, ան վերահաստատեց Հայաստանի դիրքորոշումը՝ հակամարտութեան բացառապէս խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ։ Իր խօսքերով, կարգաւորումը հիմնուած պէտք է ըլլայ միջազգային իրաւունքի չափանիշներու եւ սկզբունքներու, ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան դրութիւններուն վրայ։ Ան մասնաւորապէս մատնանշեց, թէ այդ բոլորը հաւասարապէս կը վերաբերին ուժի եւ ուժի սպառնալիքի չկիրառման, պետութիւններու տարածքային ամբողջականութեան, իրաւահաւասարութեան եւ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքին։ Սարգսեան ընդգծեց հակամարտութեան գօտիէն ներս իրավիճակի լարման կանխարգիլման, իրավիճակի կայունացման եւ միջազգային հանրութեան կողմէ միջնորդական լիազօրութեամբ օժտուած միակ ձեւաչափի՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներու ջանքերու շրջանակներէն ներս խաղաղ գործընթացի յառաջ մղման համար պայմաններու ստեղծման ուղղեալ համաձայնութիւններու իրականացման կարեւորութիւնը։

Սերժ Սարգսեանի այս յայտարարութիւնները զուգադիպեցան ուշագրաւ ժամանակաշրջանի մը։ Արդարեւ, յաջորդ ամիս ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի նոր նստաշրջանի բացման փուլի օրերուն, Նիւ Եորքի մէջ նախատեսուած է Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարովի հանդիպումը։ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները վաղուց կը ձգտին մինչեւ տարեվերջ հանդիպում մը կազմակերպել Սերժ Սարգսեանի եւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ։ Մօտաւոր անցեալին Սերժ Սարգսեանն ալ խօսեցաւ նման հաւանականութեան մը մասին։ Յամենայնդէպս, Երեւանի ղեկավարութիւնը վերապահութեամբ կ՚արտայայտը-ւի այս տեսակցութեան շուրջ։ Նախարար Նալպանտեանն ալ վերջերս յայտնած էր, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն միջեւ հաւանական հանդիպման մը վերաբերեալ տակաւին յստակ որեւէ բան չկայ։

Երեւանի այս վերապահութեան մթնոլորտին մէջ միջնորդները աւելի տարբեր շեշտով կը խօսին նախագահներու միջեւ տեսակցութեան հաւանականութեան շուրջ։ Ըստ ամերիկեան դիւանագիտական աղբիւրներուն, եռանախագահները աշխատանք կը տանին նախագահներու միջեւ հանդիպում մը կազմակերպելու ուղղութեամբ։ Անոնք նախագահներու հանդիպումը իրականացնել կը ջանան՝ հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացը յառաջ մղելու նպատակով բանակցութիւններ ապահովելու առաջադրութեամբ։

Իր պաշտօնը փոխանցելու ժամանակ Ռիչըրտ Հակլընտ վերջին շրջանին յայտնեց, որ յառաջիկայ շաբաթներուն եւ ամիսներուն դիւանագիտական գործունէութեան աշխուժացումէն յետոյ համանախագահները շարք մը յայտարարութիւններ պիտի ընեն՝ բարձր մակարդակով բանակցութիւններու ապահովման համար։

Իր կարգին, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովան ալ յայտարարեց, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի յառաջիկայ նստաշրջանին յայտարարութիւն մը պիտի կատարուի՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու հանդիպման մասին։ Ըստ իրեն, Մինսքեան խմբակի համանախագահները ներկայիս կ՚աշխատին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման նպատակով հերթական գագաթաժողովի կազմակերպման ուղղութեամբ։ Ըստ ռուս բանբերին, Սեպտեմբերի կէսին համանախագահները յայտարարութիւնով մը հանդէս պիտի գան այս ուղղութեամբ։ Զախարովա ըսաւ.

«Ռուսաստան մշտապէս աջակցած է այն քայլերուն, որոնք ուղղուած են ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտիէն ներս լարուածութեան թուլացման։ Այս ուղղութեամբ յստակ քայլերու անհրաժեշտութիւնը բազմիցս յայտարարուած է համանախագահներուն կողմէ։ Այդ մասին խօսուած է 2016 թուականին Վիեննայի մէջ տեղի ունեցած գագաթաժողովին, Սեն Փեթերսպուրկի մէջ՝ 2016-ի Յուլիսին, միեւնոյն ժամանակ, համանախագահներու կողմէ առաջարկուած քայլերու իրականացումը կախեալ է հակամարտ կողմերու բարի կամքէն։ Մեր կողմէ կ՚ընենք հնարաւորը, որպէսզի կայունացնենք իրավիճակը, պայմաններ ստեղծենք բանակցային գործընթացի շարունակութեան համար՝ ուղղուած հակամարտութեան կարգաւորման։ Սոյն մօտեցումը Մոսկուայի մէջ կարեւորեցին նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները այս տարուան Ապրիլին։ Այժմ համանախագահները կ՚աշխատին հերթական գագաթաժողովի նախապատրաստման ուղղութեամբ։ Անոնք այս նպատակով անցեալ Յուլիսին Պրիւքսելի մէջ բանակցութիւններ վարեցին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ։ Արդիւնքին, Սեպտեմբերի կէսին Նիւ Եորքի մէջ կայանալիք ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի նստաշրջանին այդ նիւթին շուրջ պիտի կատարուի համապատասխան յայտարարութիւն մը։ Կը փափաքիմ անգամ մը եւս ընդգծել, որ Ռուսաստանի կողմէ ղարաբաղեան հարցին նկատմամբ կը ցուցաբերուի յատուկ ուշադրութիւն։ Սա մեր արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններու շարքին է»։

Շաբաթ, Օգոստոս 26, 2017