ՍԻՒՆԻՔԻ ՄԷՋ ԴԱՐՁԵԱԼ ՆԵՐԽՈՒԺՈՒՄ

Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան աղբիւրները հրապարակեցին Սիւնիքի մարզի իրավիճակին վերաբերեալ հերթական զգայացունց տեղեկութիւնները։ Այսպէս, երէկ կէսգիշերին մօտ, Ատրպէյճանի զօրքերը փակած են Կապան-Գորիս միջպետական ճանապարհի Կարմրաքար-Շուռնուխ հատուածը։ Այդ հատուածէն ներս գտնուող փոխադրամիջոցներն ալ տարհանուած են։ Աշխատանքներ կ՚իրականացուին ճանապարհը բանալու մարդոց ու փոխադրամիջոցներու տեղաշարժի բնականոն ընթացքը վերականգնելու ուղղութեամբ։ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը կոչ ուղղած է հանրային կարծիքին՝ հետեւիլ միայն պաշտօնական լրահոսին։

12 մայիս 2021 թուականէն ի վեր Ատրպէյճանի բանակը զանազան հատուածներէ խախտած է Հայաստանի սահմանը։ Զգայացունց, գայթակղեցուցիչ այս իրավիճակին մէջ իշխանութիւններուն կողմէ առնուած քայլերը ցարդ բաւարար չեն եղած կացութիւնը հարթելու համար։ Իսկ այս վերջին դէպքը արդէն նոր հարթութեան մը վրայ կը դնէ առկայ տագնապը։ Քաղաքական շրջանակները բուռն ձեւով կ՚արձագանգեն ստեղծուած իրավիճակին։ Խնդիրը այս առաւօտ օրակարգի վրայ եկաւ նաեւ Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս։ Ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորներէն Աննա Գրիգորեան ստեղծուած իրավիճակին ահազանգելով ըսաւ. «Այս իշխանութիւնը մեր բոլորի թիկունքին առանձին յուշագիր ստորագրելով՝ Գորիս-Կապան միջպետական ճանապարհը, Կապան-Ճակատէն ճանապարհը յանձնած է թշնամիին»։ Ան շեշտեց, որ Ատրպէյճանի զինեալները շրջափակման մէջ թողած են Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիները։ Միայն ռուս սահմանապահներու միջնորդութեամբ կարելի եղած է զանոնք շրջափակումէ դուրս բերել։ «Ի վերջոյ, կարողացա՞ք ապահովել Սիւնիքի անվտանգութիւնը», հարց տուաւ Աննա Գրիգորեան։ Իշխանութիւններուն խօսք ուղղելով ան շարունակեց. «Ի վերջոյ կը հասկնա՞ք, թէ այսպէս խաղաղութիւն չեն կառուցեր։ Պարտութեան կուսակցութիւնը չի կրնար արժանապատիւ խաղաղութիւն բերել, այլ՝ միայն նուաստացում»։

«Պատիւ ունիմ» ընդդիմադիր խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավար երեսփոխան Արթուր Վանեցեանն ալ խորհրդարանի ամպիոնէն այս առաւօտ ըսաւ. «Թշնամին փակած է մեր միջպետական ճանապարհը։ Պաշտպանութեան նախարարը կ՚ըսէր՝ եթէ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքը նոյնիսկ 1 սանթիմեթր խախտեն, ուժ պիտի կիրառուի։ Մեր ճանապարհը մեր ինքնիշխան տարա՞ծքն է, թէ ոչ»։

Նկատի ունենալով, որ ներկայիս խորհրդարանը կը քննարկէ կառավարութեան ծրագիրը եւ դահլիճին մէջ ներկայ էր նաեւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ Արթուր Վանեցեան նշեց. «Կ՚ուզէի՝ իր ելոյթին մէջ Նիկոլ Փաշինեան անդրադառնար այս հարցին՝ ըսելով, որ ի վերջոյ ի՞նչ փաստաթուղթով կը կարգաւորուի Գորիս-Կապան միջպետական ճանապարհի կարգավիճակը»։

Հուսկ, Արթուր Վանեցեան աւելցուց. «Ես երբեք չէի մտածեր, թէ կրկին կ՚ըսեմ՝ կանգ առէք, կ՚ըսեմ, որովհետեւ կը տեսնեմ, թէ ինչպէս այս իշխանութիւնը կ՚երթայ եւ երկիրը կը տանի դէպի նոր ու վտանգաւոր ծուղակ մը։ Այդ ծուղակի էութիւնը հանրային տրամադրութիւններու սխալ ընկալումն է»։

Աւելի վերջ խորհրդարանի ամպիոնէն հանդէս եկաւ նաեւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։ Ընդդիմութեան կողմէ հնչեցուած ահազանգներուն ի պատասխան Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, որ պէտք չէ ակնկալել՝ թէ Հայաստանի պարագային կարճ ժամանակի մէջ իրավիճակը պիտի կայունանայ։ Ակնարկելով պատերազմին՝ ան յայտնեց, որ երկիրը դժոխքի մէջով անցած է։ Ըստ Փաշինեանի, Հայաստան պէտք չէ խաղաղութեան օրակարգէն շեղի եւ այս ընթացքին անհրաժեշտ է շատ ամուր ջիղեր ունենալ՝ դիմադրելու համար սադրանքներու։

Միւս կողմէ, Արցախի դատախազութիւնը տեղեկացուց, որ Մարտակերտ քաղաքէն ներս, բնակարանի մը մէջ յայտնաբերուած է Ատրպէյճանի զինուոր մը ու ձերբակալուած։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 26, 2021