ՓՈՒԹՈՎ ՆՈՐՈԳՈՒԹԻՒՆ

Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի նախաձեռնութեամբ սկսած եկեղեցապատկան կալուածներու նորոգման աշխատանքները կը շարունակուին ամբողջ թափով։ Ատենապետ Եդուարդ Այվազեանի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդը վերջին շրջանին առաջնահերթութիւն կ՚ընծայէ եկեղեցապատկան կալւածներու արժեւորման։ Արդարեւ, վերանորոգ-ւելէ վերջ այդ կալուածներուն առջեւ կը բացուի հրապարակի պայմաններով վարձակալման հորիզոնը։ Սա մշտական հասոյթի մը առիթ կ՚ըլլայ Գուզկունճուքի եկեղեցւոյ կարիքներու դիմագրաւումը երաշխաւորելու համար։ Բաց աստի, ատենապետ Եդուարդ Այվազեան եւ իր գործակից ընկերները համայնքէ ներս զօրակցութեան ոգիով կ՚առաջնորդուին եւ այդ հասոյթը կը ծառայեցնեն նաեւ աջակցելու համար մեր այն հաստատութիւններուն, որոնք ինքնաբաւ չեն։ Ուստի, Գուզկունճուքի մէջ շարունակուող շինարարութիւններու արագ ու դրական ընթացքին վերաբերեալ լուրերը կ՚ողջունուին համայնքային շրջանակներուն կողմէ։

Միւս կողմէ, թաղային խորհուրդը վերջերս Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ համալիրը օժտած է նաեւ երկու յաւելեալ անվտանգութեան տեսախցիկով։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 26, 2021