ԴԱՐՁԵԱԼ ՊՐԻՒՔՍԵԼ

Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել յառաջիկայ օրերուն Պրիւքսելի մէջ դարձեալ պիտի մէկտեղէ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ու Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը։ Հանդիպումը նախատեսուած է օգոստոսի 31-ին։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Պրիւքսելի այս նոր ժամադրութեան օրակարգին վրայ պիտի գտնուին այն նոյն հարցերը, որոնք նախապէս ալ քննարկման առարկայ դարձած են։

Միւս կողմէ, Պրիւքսելի այս գագաթաժողովէն օր մը առաջ ալ՝ օգոստոսի 30-ին Մոսկուայի մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեանի եւ Ատրպէյճանի փոխ-վարչապետ Շահին Մուսթաֆաեւի հանդիպումը։ Անոնք պիտի գլխաւորեն Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան հարցերով յանձնաժողովներու նիստը։ Համատեղ աշխատանքի ձեւաչափով Մհեր Գրիգորեանի եւ Շահին Մուսթաֆաեւի առաջին հանդիպումը տեղի ունեցած էր մայիսի 24-ին, Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ։

Այսպէսով Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղեալ դիւանագիտական ջանքերը յառաջիկայ շաբաթ վերստին թափ պիտի ստանան՝ բարձր մակարդակի հերթական բանակցութիւններով։

Ուրբաթ, Օգոստոս 26, 2022