ՄԵԾ ՓՈՐՁԱՌՈՒԹԻՒՆ

Մեր աշխատակից Մկրտիչ Արծիւեան կը տեղեկացնէ Իզմիթէն.-

ՈՒԷՖԱ-ի ֆութսալի Եւրոպայի լիկի նախաորակաւորման փուլի F խմբակի հանդիպումները երէկ շարունակուեցան Քոճաէլիի մէջ։ Ծանօթ է, որ այս մրցաշարքին մէջ Շիշլի մարզակումբը կը ներկայացնէ Թուրքիան։ Շիշլիի երէկուան մրցակիցն էր Շուէտի ներկայացուցիչ «Օրեպրօ» խումբը։ Մրցման արդիւնքին շիշլիցիները պարտութիւն կրեցին 10-3 արդիւնքով։ Այսպէսով Շիշլի կորսնցուց այս մրցաշարքը շարունակելու հաւանականութիւնը։ Այսօր մրցաշարքին դադար կը տրուի։ Շիշլի վաղը իր վերջին հանդիպումը պիտի ունենայ Վրաստանի ներկայացուցիչ «Ճորճիընս» խումբին հետ։

Մրցումներուն առընթեր, Շիշլի մարզակումբի վարչութիւնը Քոճաէլիի մէջ այս մրցաշարքին կազմակերպչական պատասխանատուութիւններն ալ կը վերահսկէ՝ որպէս հիւրընկալ երկրի ներկայացուցիչ։ Վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք օրերէ ի վեր Քոճաէլիի մէջ է՝ իր հետն ունենալով Ճան Տուրասլանը, Արեգ Տոլարը եւ Զարեհ Քարաքաշը, որոնք կը վերահսկեն մրցաշարքի ընթացքը։ Քոճաէլիի մրցումներուն մասնակից ակումբներուն նախագահները հանդիպում մըն ալ ունեցան՝ մասնակցութեամբ ՈՒԷՖԱ-ի ներկայացուցիչին։

Անկախ խաղերու արդիւնքներէն, այս մրցաշարքը Շիշլի մարզակումբին տեսակէտէ եզակի փորձառութեան մը վերածուած է՝ միջազգային բեմահարթակի վրայ աշխատանքի առումով։

Ուրբաթ, Օգոստոս 26, 2022