ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ԿԱՊԵՐ

Ատրպէյճան եւ Ղազախիստան ստորագրեցին՝ ռազմավարական յարաբերութիւններու ամրապնդման մասին հռչակագիր մը։ Պաքուի մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Ղազախիստանի նախագահ Քասըմ Ճէօմերթ Թոքաեւի հանդիպումը։ Բանակցութիւններու ընթացքին քննարկման առարկայ դարձան քաղաքական, առեւտրային, տնտեսական, փոխադրութեան, տարանցման, մշակութային եւ մարդասիրական համագործակցութեան ամրապնդման վերաբերեալ հարցեր։ Երկու երկիրներու ղեկավարները ստորագրեցին նաեւ ռազմավարական յարաբերութիւններու ամրապնդման եւ դաշնակցային համագործակցութեան խորացման մասին հռչակագիր մը։

Բաց աստի, ստորագրուեցաւ Թիւրքիստանի եւ Շուշիի միջեւ քոյր քաղաքներու յարաբերութիւններ հաստատելու վերաբերեալ արձանագրութիւնը։

Ուրբաթ, Օգոստոս 26, 2022