ՄԻՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒՆ ԿՈՂՄԷ ՅԱՄԱՌ ՋԱՆՔԵՐ

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները՝ Իկոր Փոփով (Ռուսաստան), Սթեֆան Վիզքոնթի (Ֆրանսա) եւ Էնտրու Շեֆըր (Միացեալ Նահանգներ) համատեղ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկան՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ վերջին օրերուն Նիւ Եորքի մէջ ծաւալուած քննարկումներուն կապակցութեամբ։ Ինչպէս ծանօթ է, անոնք մէկտեղած էին Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանն ու Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովը, որոնց հետ ունեցած էին նաեւ առանձին հանդիպումներ՝ մասնակցութեամբ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպրչիկի։ Համանախագահները Նիւ Եորքի մէջ հանդիպած են նաեւ ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Թոմաս Կրեմինկերի, կառոյցի շրջանային նախագահ երկրի՝ Սլովաքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Միրոսլաւ Լայչաքի եւ ՄԱԿ-ի այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ։

Նիւ Եորքի քննարկումներէն վերջ միջնորդները ընդգծեցին կողմերու գործադրած ջանքերու դրական արդիւնքները՝ ամրան պատահած հրադադարի խախտումներու նուազեցման ուղղութեամբ։ Նոյն ծիրին մէջ ընդգծուեցաւ հակամարտ կողմերու միջեւ անմիջական շփումներու հնարաւորութիւններու օգտագործման կարեւորութիւնը։ Համանախագահներն ու նախարարները շարունակած են քննարկումները լարուածութիւնը նուազեցնելու եւ խաղաղութեան տեսակէտէ նպաստաւոր մթնոլորտի մը ձեւաւորումը խրախուսելու ուղղութեամբ։

Միջնորդները մտադիր են մօտաւոր ապագային այցելել ղարաբաղեան հակամարտութեան տարածքաշրջան, ինչ որ արդէն յայտարարուած էր Մնացականեան-Մամետեարով հանդիպումէն վերջ։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 26, 2019