ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԱԾ

Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքի՝ վերջին շրջանի զգայացունց իրադարձութիւններու շղթային վրայ երէկ գիշերուան ժամերուն աւելցաւ նոր օղակ մը։ Այսպէս, կալանաւորուեցաւ յայտնի գործարար, «Բարգաւաճ Հայաստան» ընդդիմադիր կուսակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեան, որու վերաբերեալ իրադարձութիւնները վերջին շրջանին առաջնահերթ տեղ կը զբաղեցնէին երկրի օրակարգին վրայ։ Հայաստանի զանազան պետական կառոյցներ վերջին շրջանին իրերայաջորդ մեղադրանքներ օրակարգի վրայ բերած էին Գագիկ Ծառուկեանի հասցէին եւ այդ հիման վրայ յարուցուած էին զանազան գործեր։ Այս ամբողջին մէջ քանի մը անգամ պահանջուած էր նաեւ անոր ձերբակալուիլը, սակայն դատական իշխանութիւնները այդ պահանջները չէին բաւարարած, մինչ Հայաստանի Ազգային ժողովը երեսփոխանական անձեռնմխելիութենէ զրկած էր Գագիկ Ծառուկեանը։ Վերջին քանի մը ամիսներուն օրակարգը յաճախ զբաղեցուցած այս իրադարձութիւններէն վերջ, երէկ ուշ երեկոյեան Գագիկ Ծառուկեան կալանաւորուեցաւ Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան կողմէ։ Կը հաղորդուի, որ երէկ ժամը 22.52-ին կալանաւորուեցաւ Գագիկ Ծառուկեան, մինչ իր կուսակցութեան համակիրները համախմբուեցան Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան շէնքին մօտ ու պահանջեցին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը։ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան շէնքը վերահսկողութեան տակ առնուեցաւ մեծ թիւով ոստիկաններու կողմէ։ Գագիկ Ծառուկեանի փաստաբանները հաղորդեցին, որ զինքը կալանաւորելու որոշումը պիտի բողոքարկեն։

Երեւանի Ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը երէկ ընթացք տուաւ Գագիկ Ծառուկեանի կալանաւորման միջնորդութեան։ Դատարանը բաւարարեց նախաքննութեան մարմնի միջնորդութիւնը՝ երկու ամիսով։ Ծառուկեանի փաստաբաններէն Սամուէլ Տիլպանտեան այս կապակցութեամբ ըսաւ. «Այս որոշումը մեզի համար ակնյայտ կանխատեսելի էր, այս պատճառով պարոն Ծառուկեանը չներկայացաւ, ինքը Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւն գնաց միանգամէն»։ Ան աւելցուց, որ Վերաքննիչ դատարանին մօտ բողոք պիտի ներկայացնեն այս որոշման դէմ, որ ակնյայտօրէն ապօրինի է։

Հարկ է նշել, որ Գագիկ Ծառուկեան կը մեղադրուի 2017 թուականի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ժամանակ ընտրակաշառքի կազմակերպման մէջ։ Ան այս մեղադրանքը չ՚ընդունիր։ Ծառուկեան կը համարէ, որ ինք քաղաքական հետապնդման կ՚ենթարկուի կառավարութեան հրաժարականը պահանջած ըլլալու համար։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 26, 2020