ԿԱՐԵՒՈՐ ՎԱՐԿԱԾՆԵՐ

Անցեալ յուլիսին Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ տեղի ունեցած մարտական գործողութիւններուն վերաբերեալ մեկնաբանութիւններն ու վերլուծումները կը շարունակուին։ Այս ամբողջին մէջ խոշորացոյցի տակ կը բերուի նաեւ Ատրպէյճան-Իսրայէլ համագործակցութեան ընթացքը։ Ծանօթ է, որ երկար տարիներէ ի վեր Ատրպէյճան Իսրայէլէն լուրջ ներածումներ կ՚ընէ իր բանակի զինանոցին համար։ Յուլիսեան վերջին բախումներէն վերջ կարգ մը աղբիւրներ կը կանխատեսեն, որ Ատրպէյճանի նշանակութիւնը Իսրայէլի համար կրնայ նուազիլ։

Գաղտնիք չէ, թէ վերջին տասնամեակին Իսրայէլի եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւնները էական զարգացում արձանագրած են: Կողմերը յաջողութեամբ կը գործակցին՝ յատկապէս ռազմական եւ առեւտրատնտեսական ոլորտներուն մէջ: Յառաջիկային, սակայն, շարք մը գործօններու ազդեցութեամբ հաւանական է, որ Ատրպէյճանի նշանակութիւնը Իսրայէլի համար մեծապէս նուազի։ Սա կրնայ էապէս նպաստել Իսրայէլի հետ քաղաքական, տնտեսական եւ ռազմական ոլորտներու մէջ յարաբերութիւնները զարգացնելու Հայաստանի ծրագիրներուն:

Վերլուծաբաններ այս փուլին կ՚անդրադառնան քանի մը գործօններու։ Այսպէս, Իսրայէլ արդէն այլընտրանք ունի Ատրպէյճանի ուժանիւթի պաշարներուն: Նախապէս արաբական երկիրներու սահմանած տարատեսակ սահմանափակումներու պատճառով ան չէր կրնար նաւթ գնել Պարսից ծոցի արաբական միապետութիւններէն: Եւ ներածման մեծ մասը բաժին կ՚իյնար Ռուսաստանին եւ Ատրպէյճանին: Իսրայէլ-Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ (ԱՄԷ) յարաբերութիւններու կարգաւորման բերումով, սակայն, յառաջիկային իրավիճակը կրնայ փոխուիլ: Սեպտեմբերի 15-ին Ուաշինկթընի մէջ ստորագրուած խաղաղութեան համաձայնագիրը հաւանական կը դարձնէ այս վարկածը։ Նոյն ծիրին մէջ կը կանխատեսուի, որ այդ համաձայնութենէն վերջ OPEC-ի մէջ նաւթի արդիւնահանման ծաւալներով չորրորդ տեղը զբաղեցնող ԱՄԷ պիտի շտապէ զարգացնել ուժանիւթի գործակցութիւնը Իսրայէլի հետ: Միեւնոյն ժամանակ, կ՚ակնկալուի, որ ԱՄԷ-է ներածուելիք նաւթը աւելի աժան պիտի ըլլայ Իսրայէլի համար: Հետեւաբար, Իսրայէլ-ԱՄԷ ուժանիւթի գործակցութեան պարագային Ատրպէյճանի նշանակութիւնը Իսրայէլի տեսակէտէ էականօրէն կրնայ նուազիլ:

Ատրպէյճանի՝ Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու ապագային տեսակէտէ ազդու գործօն մը կը համարուի նաեւ անոր համագործակցութիւնը Թուրքիոյ հետ։ Արդարեւ, ըստ նոյն մեկնաբանութիւններուն, Թուրքիոյ գործողութիւններուն Ատրպէյճանի բացայայտ աջակցութիւնը չի վրիպիր Իսրայէլի ուշադրութենէն։ Ակնյայտ է, որ Իսրայէլ-Թուրքիա յարաբերութիւնները շարունակաբար կը վատթարանան: Կողմերուն միջեւ լարուածութեան տեղի կու տան բազմաթիւ գործօններ. օրինակ՝ տարածքաշրջանէ ներս գերակայութեան համար մրցակցութիւն, Թուրքիա-ՀԱՄԱՍ գործակցութեան խորացում, արեւելեան Միջերկրականի առկայ լարուածութիւն, պաղեստինեան հակամարտութեան հարցով աւելի աշխոյժ դերակատարում ստանձնելու Թուրքիոյ ձգտումը եւ այլն: Եթէ նախապէս Թուրքիա-Իսրայէլ յարաբերութիւններու մէջ լարուածութեան աճի ժամանակ Ատրպէյճան կը յաջողէր որոշակիօրէն խուսանաւել անոնց միջեւ եւ հնարաւորինս զերծ մնալ այդ լարուածութեան ազդեցութիւններէն, իրեն համար բացասական հետեւանքներէն, ապա այժմ ան գրեթէ չի յաջողիր ընել նոյնը: Մասնաւորապէս, Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի յուլիսեան իրադարձութիւններուն ժամանակ Թուրքիոյ՝ Ատրպէյճանին աջակցութիւն ցուցաբերելը, ինչպէս նաեւ արեւելեան Միջերկրականի մէջ առկայ լարուածութեան մասին Երեւանի դիրքորոշում յստակացնելը՝ Պաքուն ստիպեցին ուղղակիօրէն յայտարարելու Անգարայի ի նպաստ անվերապահ աջակցութեան մասին: Սա, բնականաբար, չի կրնար վրիպիլ Իսրայէլի ուշադրութենէն, որ փաստացիօրէն արեւելեան Միջերկրականի մէջ հակաթրքական առանցքին (Յունաստան, Յունական Կիպրոս, Ֆրանսա, ԱՄԷ, Եգիպտոս) մաս կը կազմէ եւ Թուրքիոյ տարածքաշրջանային քաղաքականութիւնը կ՚ընկալէ՝ որպէս սպառնալիք:

Ի լրումն այս բոլորին, վերլուծաբաններու դիտարկումներով, Ատրպէյճան կը կորսնցնէ Իսրայէլի համար իր բացառիկութիւնը՝ որպէս իսլամական երկիր։ Տասնամեակներ շարունակ Թուրքիոյ, ապա նաեւ Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւնները Իսրայէլի համար խորհրդանշական կարեւորութիւն ունէին։ Իսրայէլ այդ կապերը կը ներկայացնէր՝ որպէս իր եւ իսլամական երկիրներու միջեւ գործակցութեան յաջող օրինակներ։ Սա չափազանց կը կարեւորուէր նոյնինքն Իսրայէլի կողմէ: Այժմ, ԱՄԷ-ի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման, իսկ տեսանելի ապագային նաեւ Իսրայէլ-Ծոցի միւս միապետութիւններուն հետ գործակցութան հաստատման հեռանկարով, Ատրպէյճան իր բացառիկ նշանակութիւնը պիտի կորսնցնէ յաչս Իսրայէլի։ Այս վերջինը շատ աւելի հակուած պիտի ըլլայ շեշտադրելու արաբական-իսլամական երկիրներու հետ յարաբերութիւններու զարգացման փաստը:

Վերոնշեալ բոլոր գործօնները յառաջիկային իրենց ազդեցութիւնը պիտի ունենան Իսրայէլ-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն վրայ, ինչ որ նախաձեռնութիւններու բաւական լայն դաշտ մը կը բանայ հայկական կողմին առջեւ։

ԳՈՒՄԱՐՆԵՐՈՒ ԼՈՒԱՑՄԱՆ ԼՈՒՐԵՐ

Միւս կողմէ, վերջին շրջանին մամուլի կարգ մը հրապարակումներ օրակարգի վրայ կը բերեն Իսրայէլ-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն մէջ ապօրինի գումարներու լուացման պնդումներ։ Այսպէս, Israel Aerospace Industries ընկերութիւնը 155 միլիոն տոլար վճարած է Ատրպէյճանի՝ դրամի լուացման առընչուած երկու ընկերութիւններու։ Իսրայէլեան «Հաարէց» թերթին մէջ այս խորագրին տակ լոյս տեսած է յօդուած մը, ըստ որու, երկրի պաշտպանական արդիւնաբերութեան հսկային՝ Israel Aerospace Industries-ի (IAI) վերաբերեալ դրամատնային «արտահոսած» (2012-2014) տուեալներով՝ նշեալ ընկերութիւնը դրամական փոխանցումներ կատարած է Ատրպէյճանի՝ դրամական լուացման առընչուած կասկածելի երկու ընկերութիւններու։ Թերթը կը գրէ, որ այդ փոխանցումները զարմանալիօրէն սկսած են Ատրպէյճանի ղեկավարութեան հետ՝ 1.6 միլիառ տոլարի սպառազինութեան վաճառքի պայմանագրի ստորագրումէն քանի մը ամիս վերջ։ «Հաարէց» կ՚աւելցնէ, որ IAI-ի կատարած այդ փոխանցումներուն շարժառիթը կը մնայ պղտոր։

Այս պատմութիւնը ի յայտ եկած է, երբ դրամատնային «արտահոսած» հազարաւոր տուեալներու վերաբերեալ փաստաթուղթերու մէկ մասը ի վերջոյ անցած է Հետաքննող լրագրողներու միջազգային ընկերութեան (ICIJ) ձեռքը։ Խնդրոյ առարկայ վճարումները յայտնուած են ելմտական ապօրինութիւններու եւ ահաբեկչութեան գանձատրման դէմ պայքարի նպատակով՝ Deutsche Bank-ի պատասխանատուներուն կազմած՝ դրամատնային աւելի քան տասնեակ մը կասկածելի գործարքի ցանկին մէջ։ Այս ցուցակը ներկայացուած է FinCEN-ին (Ֆինանսական յանցագործութիւններու դէմ պայքարի ցանց) ու ԱՄՆ-ի Ելմտական նախարարութեան։

Հարկ է նշել, որ աշխարհի ամէն կողմի դրամատուներէ՝ այլ ապօրինութիւններու (անկախ՝ Ատրպէյճանի թղթածրարէն) վերաբերեալ հազարաւոր տուեալներ «արտահոսած» են եւ անցած նախ BuzzFeed News կայքէջին, ուրկէ ալ՝ ICIJ-ի ձեռքը։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 26, 2020