ԶՕՐԱՎԱՐ ՀՈՒԼՈՒՍԻ ԱՔԱՐ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԻ ՄԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԱՄՆ-Ի ՄԷՋ

Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Հուլուսի Աքար վերջերս այցելեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ան մասնակցեցաւ խորհրդաժողովի մը, որ ձօնուած էր բռնութեան հակուած ծայրայեղականներու դէմ պայքարի։ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահներու մակարդակով կազմակերպուած այս ժողովի ընթացքին Հուլուսի Աքար հանդէս եկաւ ելոյթով մը։ Վիրճինիա նահանգի «Ֆորտ Պելուար» ռազմախարիսխին մէջ կազմակերպուած այս խորհրդաժողովին Հուլուսի Աքարի առընթեր մասնակցեցան աշխարհի 73 երկիրներէն ընդհանուր սպայակոյտի նախագահներ, ինչպէս նաեւ ՆԱԹՕ-ի եւ Եւրոմիութեան ներակայացուցիչները։

«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, իր ելոյթին ընթացքին Հուլուսի Աքար անընդունելի համարեց ահաբեկչութեան եւ իսլամի համատեղ բանաձեւումը։ Ան շեշտեց, որ Թուրքիա տարածքաշրջանէ ներս իր նպաստը կը բերէ անվտանգութեան։ Զօրավարը շեշտեց, որ «իսլամական ահաբեկչութիւն» բանաձեւումը անընդունելի է եւ իրեն համամիտ գտնուեցան բազմաթիւ ժողովականներ։

Խորհրդաժողովի ընթացքին Հուլուսի Աքար բացատրութիւններ տուաւ նաեւ Թուրքիոյ կողմէ ՖԵԹԷՕ-ի դէմ մղուած պայքարին շուրջ։ Ան կոչ ուղղեց, որպէսզի այս ուղղութեամբ զօրակցութիւն ցուցաբերուի թրքական կողմին։

Խորհրդաժողովէն վերջ Միացեալ Նահանգներու Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Ճոզըֆ Տանֆորտ սարքեց մամլոյ ասուլիս մը։ Այս առթիւ ան ըսաւ, որ «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» (ԻՇԻՊ) ահաբեկչական խմբաւորման վարդապետութիւնը պէտք է յաղթահարուի։ Պէտք է ապահովել, որ այդ կազմակերպութեան կողմէ ինքզինքը ներկայացնելու համար պատմուածները դառնան առ ոչինչ։ Ամերիկացի  զօրավարը շեշտեց, որ բաւական դժուար է այդ կազմակերպութեան դէմ պայքար մղելը։ Հետեւաբար, մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ՝ իսլամական աշխարհին կողմէ ԻՇԻՊ-ի քարոզչութեան դէմ քայլերու ձեռնարկուիլը։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2017