ՊԱՀՊԱՆԵԼ ՄՐՑՈՒՆԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հիւրընկալեց Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) անդամ երկիրներու վարչապետները, որոնք ժողով մը գումարեցին Երեւանի մէջ։ Եւրոասիոյ միջկառավարական խորհուրդի անդամները ողջունելով՝ Սերժ Սարգսեան վստահութիւն յայտնեց, թէ Երեւանի ժողովը կը նպաստէ երկու շաբաթ առաջ տեղի ունեցած ԵԱՏՄ-ի հերթական գագաթաժողովին ընթացքին բարձր մակարդակի վրայ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրականացման։ Սարգսեան կարեւորեց խորհուրդի գործունէութիւնը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց աշխոյժ ու արդիւնաւէտ աշխատանքին համար։ Ընդգծելով, որ ծանօթ է Երեւանի ժողովի օրակարգին՝ Սերժ Սարգսեան մասնաւորապէս նշեց թեքնիկ արգելքներու յաղթահարման հարցը։ Արդարեւ, այս խնդիրը կը խոչընդոտէ ընդհանուր շուկայէ ներս ապրանքներու, ծառայութիւններու, դրամագլուխի եւ աշխատուժի ազատ տեղաշարժը, ինչ որ ժխտական ազդեցութիւն կը գործէ համարկման գործընթացներէն ակնկալուած արդիւնքներուն վրայ։

Հիւր վարչապետներն ալ յայտնեցին, որ տրամադրուած են հանգամանօրէն քննարկել օրակարգի բոլոր հարցերը, որոնք ԵԱՏՄ-ի անդամ երկիրներուն համար այժմէական են ու կը կարօտին համատեղ լուծման։ Իր կարգին, հանդիպման ընթացքին Ռուսաստանի Վարչապետ Տիմիթրի Մետվետեւն ալ ծաւալուած աշխատանքները կարեւորեց տնտեսական կեանքի ժամանակակից միտումներուն համապատասխան յառաջ ընդանալու տեսակէտէ՝ որպէսզի ԵԱՏՄ-ի անդամ երկիրներու տնտեսութիւնները կարողանան մրցունակութիւնը պահպանել, ապահովելով իրենց քաղաքացիներու համար բարեկեցութիւն ու յարմարաւէտ կեանք։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2017