ՎԵՐԱԳՈՐԾԱՐԿԵԼ ՆԱՒԹԱՄՈՒՂԸ

Իրաքի Վարչապետ Հայտար էլ Իպատի երէկ շփումներ ունեցաւ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ, ուր հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Հիւր վարչապետը օրուան տեւողութեան ընդունուեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի եւ Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի կողմէ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Պեշթեփէի համալիրէն ներս Էրտողան եւ Իպատի շուրջ կէս ժամ զրուցեցին դռնփակ։ Այս առանձնազրոյցէն վերջ անոնք գլխաւորեցին պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։ Էրտողանի կողքին էին Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու, Ուժանիւթի նախարար Պերաթ Ալպայրաք, Զարգացման նախարար Լիւթֆի Էլվան, Անտառներու նախարար Վէյսէլ Էրօղլու, նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն, ՄԻԹ-ի խորհրդական Հաքան Ֆիտան եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։

Էլ Իպատի Անգարայի մէջ յայտարարեց, որ իր երկիրը կը փափաքի քարիւղ արտածել Թուրքիա։ Պաղտատի ղեկավարութիւնը կը ձգտի, որ Քերքիւք-Ճէյհան նաւթամուղ խողովակաշարը վերստին օգտագործուի։ Էլ Իպատիի փոխանցած բացատրութիւններով, առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման առընթեր Անգարայի բանակցութիւններուն ընթացքին շօշափուեցան սահմանային անցակէտերու վերահսկման եւ տարածքաշրջանային անվտանգութեան վերաբերեալ խնդիրներ։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2017