ԼՈՒԾՈՒՄԸ ՊԷՏՔ Է ԳՏՆԵՆ ՀԱԿԱՄԱՐՏ ԿՈՂՄԵՐԸ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի Ազգային անվտանգութեան խորհրդական Ճոն Պոլթըն Երեւանի մէջ յայտարարեց. «Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կողմերը պէտք է աշխատին իրարու հետ եւ ի վերջոյ անոնք պէտք է կարողանան գտնել լուծումը»։

Պոլթըն երէկ աւարտեց դէպի Երեւան այցելութիւնը, որու ընթացքին Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Շփումներու արդիւնքը ամփոփելու համար ան մամլոյ ասուլիս մըն ալ սարքեց ԱՄՆ-ի դեսպանատան մէջ։ Ան այս առթիւ յայտնեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորումը կը մնայ Հայաստանի քաղաքական օրակարգի առաջնահերթ կարեւորութեամբ հարցերէն մին։ Պոլթըն շարունակեց.

«Խնդրի լուծումը բարդ է։ Եթէ դիւրին ըլլար, արդէն վաղուց կարգաւորուած կ՚ըլլար։ Ես իմ այցելութեամբ չեմ եկած ազդարարելու այս հարցին մէջ ամերիկեան քաղաքականութեան փոփոխութեան մասին կամ նոր լուծումներ առաջարկելու։ Կողմերը պէտք է աշխատին իրարու հետ եւ ի վերջոյ անոնք պէտք է կարողանան գտնել լուծումը»։

Ղարաբաղեան հարցը մեկնաբանելու ժամանակ Պոլթըն մէջբերեց նաեւ ԱՄՆ-ի նախկին պետական քարտուղարներէն Ճէյմս Պէյքըրի կողմէ այլ երկարատեւ հակամարտութեան մը կապակցութեամբ ըսուած հետեւեալ խօսքը. «Կ՚երեւի ոչ ոք աւելի շատ խաղաղութիւն կ՚ուզէ, քան նոյնինքն կողմերը»։

Ճոն Պոլթըն Երեւանի մէջ յայտարարեց նաեւ, որ եթէ Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններէն յաղթական դուրս գայ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, ապա սա լաւ հնարաւորութիւն մը կրնայ ըլլալ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ քայլերու ձեռնարկելու տեսակէտէ։ «Եթէ նման պատրաստակամութիւն մը ըլլայ, ապա մենք պէտք է աշխատինք՝ որպէսզի Ատրպէյճանի կողմէ եւս նոյն ձեւով ըլլայ արձագանգը», ըսաւ Պոլթըն եւ աւելցուց, որ Հայաստանի մէջ շատ կ՚աջակցին ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան կողմէ կարգաւորման համար տարուած աշխատանքներուն։

Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Պոլթըն եւ Փաշինեան քննարկեցին ղարաբաղեան հիմնախնդիրը։ Երկուստեք կարեւորութիւն ընծայուեցաւ խաղաղ կարգաւորման ուղղեալ հետեւողական քայլերու իրականացման նկատմամբ։ Սա կը նախատեսուի ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան ձեւաչափի շրջանակներէն ներս եւ բանակցային գործընթացի տեսակէտէ համապատասխան մթնոլորտի ձեւաւորումով։ Փաշինեան եւ Պոլթըն քննարկեցին նաեւ միջազգային օրակարգի հրատապ հարցերը եւ տարածքաշրջանի գործընթացներուն վերաբերեալ շարք մը խնդիրներ։  

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 26, 2018