ԵՒՐՈՊԱՑԻ ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐԸ ՀԱՒԱՆՈՒԹԻՒՆ ՏՈՒԻՆ ՊՐԵՔՍԻԹԻ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԵԱՆ

Երէկ, Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու ղեկավարներու արտահերթ գագաթաժողովը։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, այս գագաթաժողովի ընթացքին հաւանութեան արժանացաւ Պրեքսիթի համաձայնութիւնը։ Եւրոպացի ղեկավարները ի վերջոյ համաձայնութեան հասան Անգլիոյ ԵՄ-էն դուրս գալուն եւ ապագայ յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերեալ համաձայնութեան եւ քաղաքական յայտարարութեան կապակցութեամբ։

Կը նախատեսուի, որ 29 մարտ 2019 թուականի դրութեամբ Անգլիա պաշտօնապէս դուրս գայ Եւրոմիութեան կազմէն։

Ֆրանսայի նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն այս կապակցութեամբ յայտարարեց, որ սա ցոյց կու տայ ԵՄ-ի բարեփոխման կարիքը։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 26, 2018