ՑՆԾՈՒԹԵԱՆ ԿԻՐԱԿԻ

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այս օրերուն կը հիւրընկալուի Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս։ Ինչպէս հաղորդած էինք, նորին սրբազնութիւնը Լոս Անճելըս մեկնած է Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի հրաւէրին ընդառաջ։ Երէկ, Պըրպենքի մէջ, Սրբոց Ղեւոնդեանց առաջնորդանիստ մայր տաճարի մէջ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան մատոյց կիրակնօրեայ Ս. Պատարագը։ Մեծահանդէս արարողութեան մասնակցութիւն բերին հոծ թիւով հաւատացեալներ, որոնց շարքին էին նախկին պոլսահայեր։

Ի ժամ Ս. Պատարագի Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը, որու ընթացքին ուրախութիւն յայտնեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի Լոս Անճելըս կատարած այցելութեան կապակցութեամբ։ Աւելի վերջ պատարագիչ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան խօսեցաւ օրուան քարոզը։ Հանդիսաւոր Ս. Պատարագին ներկայ էին նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետ Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեան, ինչպէս նաեւ Արեւմտեան թեմի նախկին առաջնորդ Տ. Վաչէ Արք. Յովսէփեան։

Իսկապէս հոգեպարար արարողութիւններ տեղի ունեցան երէկ Սրբոց Ղեւոնդեանց առաջնորդանիստ մայր տաճարին մէջ։ Երգեցողութիւններն ալ խորապէս տպաւորիչ էին։ Ներկայ էին նաեւ Ծխական խորհուրդի ատենապետ Ժոզէֆ Կանիմեան եւ իր գործակից ընկերները։

Արարողութիւններէն վերջ առաջնորդարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն մը, որու մասնակիցները անմիջական զրոյց ունեցան Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հետ։

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդը ներկայ շաբթուայ երկրորդ կէսին արդէն վերադարձած պիտի ըլլայ քաղաքս։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 26, 2018