ԴՐԱԿԱՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳՆԵՐ

Հայաստանի, Արցախի եւ Ատըր-պէյճանի միջեւ վերջերս տեղի ունեցած լրագրողներու փոխադարձ այցելութեան արձագանգները կը շարունակուին։ Այդ նախաձեռնութեան մասնակցած է նաեւ Արցախի Հանրային հեռուստատեսութեան լրագրողներէն Էդգար Էլբակեան։ Փոխադարձ այցելութիւններու վերջանալուն զուգահեռ՝ Արցախի Հանրային հեռատեսիլի լրագրող Էդգար Էլբակեան անդրադարձած է իր ալ մաս կազմած հայ լրագրողներու խումբին Ատրպէյճան կատարած այցին։ Էլբակեան այս մասին Դիմագիրքի իր էջին գրած է հետեւեալը.

«ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցչի գրասենեակը պատասխանատուութիւն չի կրեր մասնակիցներու անվտանգութեան համար։ Անվտանգութիւնը կ՚ապահովեն կողմերը...»։ Ստորագրելով սոյն դրոյթը պարունակող կանոնակարգի տակ՝ նոյեմբերի 17-ին լրագրողներու փոխանակման այցով մեկնած եմ Ատրպէյճան։ Մնացեալ չորս օրերուն իմ եւ գործընկերներուս (Դաւիթ Ալավերդեան, Արտեոմ Երկանեան) անվտանգութիւնը պէտք է հոգար երկիր մը, որու հետ հայկական պետութիւնները ունին տասնամեակներ շարունակուող անվտանգային հակամարտութիւն։

- Ծրագիրը նախապատրաստուած եւ կեանքի կոչուած է ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցչի համակարգմամբ Հայաստանի Հանրապետութեան (ՀՀ), Արցախի Հանրապետութեան (ԱՀ) եւ Ատրպէյճանի համապատասխան գերատեսչութիւններու ներգրաւմամբ՝ հիմքին ունենալով դեռ 2019 թուականի մարտին Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան ղեկավարներու ձեռք բերած համաձայնութիւնը։ Ես կը ներկայացնէի արցախեան կողմը՝ որպէս Արցախի Հանրային հեռուստատեսութեան հեռուստամեկնաբան։

- Այցելութեան ընթացքին եղանք Պաքու, Ղուպա եւ Գանձակ (Կենճէ) քաղաքներու մէջ, հանդիպեցանք մամուլի, հասարակական սեքթէօրի ներկայացուցիչներու հետ, եղանք ամենատարբեր դիտարժան եւ ուշագրաւ վայրերու մէջ։ Խիստ տպաւորիչ էր վերադարձի ճանապարհը՝ Պաքուէն գնացքով դէպի Գանձակ, իսկ այնտեղէն՝ ինքնաշարժով Ղազախով դէպի վրացական սահման. թէ՛ ուղեւորութեան այս հատուածը, թէ՛ առհասարակ ամբողջ քառօրեակը հետազօտական եւ քննական տեսանկիւններէ ահագին նիւթ տուած են՝ ինչպէս մարդաբանական-ազգագրական, այնպէս ալ սոսկ ճանաչողական առումով։ Մօտակայ օրերուն հանդէս կու գամ աւելի մանրամասն մամուլի հրապարակումներով՝ անդրադառնալով այցի մանրամասներուն։

- Այս լուսանկարին մէջ Պաքուի հին քաղաքին մէջ եմ (İçəri şəhər)՝ յայտնի «Աղջկայ բերդ» աշտարակի առջեւ (12-րդ դար)։

Յ.Գ. Կը հաւատացնեմ ձեզ՝ Հայոց պետութիւնը տեղ ու գոյութեան հեռանկար չէր ունենար տարածքաշրջանային քարտէսի վրայ, եթէ մենք տանուլ տայինք 1990-ականներու պատերազմը։ Խիստ դրական, արդիւնաւէտ ու ջերմ մթնոլորտի մէջ անցած մեր ուղեւորութիւնը զիս վերջնական անգամ հոզեց այս ուղղութեամբ», ըսուած է Էլբակեանի գրառման մէջ։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 26, 2019