ՏՈՀԱՅԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ այցելեց Տոհա, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Քաթարի էմիր Էլ Սանիի հետ։ Էմիրութեան դիւանէն ներս Էրտողան Էլ Սանիի հետ ունեցաւ առանձնազրոյց մը, որմէ վերջ անոնք գլխաւորեցին պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։ Թուրքիոյ եւ Քաթարի Ռազմավարական բարձր կոմիտէի 5-րդ ժողովը իրականացած եղաւ այսպէսով։ Կողմերը հրապարակեցին համատեղ յայտարարութիւն մը։

Երկու պետութիւններուն միջեւ ստորագրուեցան նաեւ եօթ փաստաթուղթեր, որոնք կը նախատեսեն համագործակցութեան խորացումը։  

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 26, 2019