ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁԱՒ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍԷ ՆԵՐՍ ՄՇՏԱԿԱՆ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՈՒ ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՍՏԱՏՄԱՆ ՀԱՄԱՐ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԿՈՂՄԷ ԲԵՐՈՒԵԼԻՔ ՆՊԱՍՏԻՆ

Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը երէկ Անգարայի մէջ գումարեց ժողով մը, որու ընթացքին օրակարգի վրայ եկաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ Պեշթեփէի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ ժողովը, որու աւարտին հրապարակուած զեկոյցին մէջ գոհունակութիւն յայտնուեցաւ, թէ Ատրպէյճան ետ կ՚առնէ իր հայրենիքի տարածքները։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, զեկոյցին մէջ նշուեցաւ, որ Ատրպէյճանի հայրենական տարածքները աւելի քան քառորդ դարէ ի վեր բռնագրաւման տակ կը գտնուէին։

«Իրադարձութիւններու բերումով ի յայտ եկած աշխարհագրական կացութիւնը քննարկուած է բոլոր չափումներով։ Այս ծիրէն ներս շեշտուած է կարեւորութիւնը՝ ստորագրուած հրադադարի համաձայնագրի կեանքի կոչուելուն, Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան վերականգնման եւ մեր երկրի Հարաւային Կովկասէ ներս մշտական խաղաղութեան ու կայունութեան միջավայրի հաստատման ուղղութեամբ բերելիք նպաստներուն», նշուած է պաշտօնական զեկոյցին մէջ։

Իր կարգին, նախագահ Էրտողանն ալ երէկ յայտարարեց, որ Ռուսաստան, Թուրքիա եւ Ատրպէյճան պիտի դառնան Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութեան երաշխաւորը։ «Մենք մեծ ներդրում ունեցանք անարդարութեան վերացման ուղղութեամբ», ըսաւ Էրտողան եւ ընդգծեց, որ Ատրպէյճանի նկատմամբ այդ անարդարութիւնը կը տեւէր 30 տարիէ ի վեր։ Անգարա պիտի շարունակէ իր ջանքերը նոյն ուղղութեամբ։ Էրտողան ակնարկեց նաեւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ ունեցած վերջին հեռախօսազրոյցին։ Ըստ իրեն, Փութինի հետ քննարկած են հրադադարի պահպանման հարցը։ «Մենք միասին սա կրնանք երաշխաւորել, բայց նաեւ հնարաւորութիւն ունինք այդ գործընթացը բարելաւելու։ Եթէ ներգրաւենք նաեւ տարածքաշրջանային չորրորդ կամ հինգերորդ երկիրը, ապա կրնանք բոլորովին այլ իրավիճակ մը ստեղծել», ըսաւ Էրտողան։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Էրտողան չէ յստակեցուցած, թէ այդ չորրորդ կամ հինգերորդ երկրի պարագային ակնարկութիւնը որու կը վերաբերի։ Քրեմլինի բանբեր Տիմիթրի Փեսքովն ալ երէկ խուսափած է մեկնաբանելէ Էրտողանի այս յայտարարութիւնները։

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ՊԱՅՐԱՄՈՎ

Անգարայի առընթեր Պաքուէն հնչած պատգամներն ալ ուշադրութեան սլաքները կ՚ուղղեն դէպի Մոսկուա։ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով ֆրանսական «Le Point» շաբաթաթերթին տուած հարցազրոյցին մէջ կարեւորեց Ռուսաստանի դերակատարութիւնը ու կրկին անգամ քննադատեց Ֆրանսայի դիրքորոշումը։ Ըստ իրեն, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու շարքին Ռուսաստան միակն է, որ ընդհանուր սահման մը ունի Հարաւային Կովկասի հետ եւ այս իսկ պատճառով հետաքրքրուած է տարածքաշրջանի կայունութեամբ ու խաղաղութեամբ։ Պայրամով նշեց, որ Մոսկուա, անկասկած, կրնայ կարեւոր դեր կատարել իր իսկ ստանձնած պարտաւորութիւններու իրագործման հարցին մէջ։ Բաց աստի, Ճէյհուն Պայրամով Հայաստանի ի նպաստ կողմնակալ վերաբերմունք ունենալու բերումով քննադատեց Ֆրանսան։ Վերջին շրջանին Պաքուէն յաճախ նման պնդումներ կը հասցէագրուին Փարիզին։

ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ

Ճէյհուն Պայրամով երէկ հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցաւ Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆի հետ։ Քննարկուեցան Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս ստեղծուած յետպատերազմեան իրավիճակը եւ տարածքաշրջանի ընդհանուր կացութիւնը։ Զարիֆ մօտ ժամանակներուն Թեհրան այցելելու հրաւիրեց իր պաշտօնակիցը։ Հարկ է յիշեցնել, որ Ճեւատ Զարիֆ ներկայ շաբթուայ սկիզբին նախատեսած էր այցելել Մոսկուա եւ Պաքու, սակայն Իրանի ներքին օրակարգէն բխած պատճառներով ջնջած էր այդ ուղեւորութիւնը։ Ան նախընթաց օր հեռախօսազրոյց մը ունեցած էր Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ, իսկ երէկ ալ կապ հաստատեց Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Ըստ երեւոյթին, այս հեռախօսազրոյցներով կը փոխարինուի յետաձգուած ուղեւորութիւնը։  

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 26, 2020