ՊԱՀԱՆՋՆԵ՞Ր, ԹԷ ՄԱՂԹԱՆՔՆԵՐ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Արցախի հակամարտութեան գօտիէն ներս Ռուսաստանի խաղաղապահներու ներկայութիւնը հինգ տարիով չի սահմանափակուիր։ Ռուսական «ԹԱՍՍ» գործակալութեան տուած ծաւալուն հարցազրոյցին մէջ Նիկոլ Փաշինեան մատնանշեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին վերջ տուած համատեղ յայտարարութիւնով նախատեսուած է Արցախի շրջաններու բնակիչներու վերադարձը իրենց տունը։ Նոյն հարցազրոյցին մէջ ան շեշտած է, որ բանակցային գործընթացի ամբողջութեամբ վերականգնման անհրաժեշտութիւն կը տեսնէ։ Յամենայնդէպս, ըստ իրեն, տուեալ պահուն կան լուծման կարօտ աւելի գործնական հարցեր։ Խօսքը կը վերաբերի գերիներու եւ կալանաւորեալ անձերու ամբողջական փոխանակման, կորսուածներու խնդիրներուն եւ զոհուածներու մարմիններու փոխանակման։ Փաշինեան նշած է, որ հայկական կողմը հաղորդակցութեան մէջ է ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն հետ, իսկ ինք մշտապէս կապի մէջ է Ռուսաստանի նախագահին հետ։ Փաշինեան յոյս յայտնեց, թէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն հետ աշխատանքային լիարժէք գործընթացը շատ շուտով կը վերականգնուի։

Անդրադառնալով ռուս խաղաղապահներուն՝ Փաշինեան յայտնեց, որ անոնց տեղակայումը քաղաքական համաձայնութեան հարց է եւ այդ համաձայնութիւնը գոյացած է՝ հրադադարի համատեղ յայտարարութեամբ։ «Ի հարկէ, հինգ տարուայ ժամկէտով անհրաժեշտ է հասցնել տարածքաշրջանէ ներս ստեղծել անվտանգութեան եւ կայունութեան երաշխիքներ։ Բայց, քանի որ ղարաբաղեան հակամարտութիւնը կը ձգձգուի, չեմ կարծեր, թէ ռուս խաղաղապահներու գոյութիւնը կը սահմանափակուի հինգ տարուայ ժամկէտով։ Կը կարծեմ, այս պահու գլխաւոր հարցը Լեռնային Ղարաբաղի եւ տարածքաշրջանի մէջ կայունութեան ապահովումն է եւ Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքացիներու անվտանգութեան ապահովումը։ Կը կարծեմ ու կը յուսամ, թէ ռուս խաղաղապահները յաջողութեամբ կը գործեն ու կը կարողանան իսկապէս կեանքի կոչել այդ առաքելութիւնը», ըսաւ Փաշինեան։

Ի լրումն այս բոլորին, ան աւելցուց, որ խաղաղ կարգաւորման գործընթացը պէտք է շարունակուի ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան շրջանակներէն ներս։

Նոյն հարցազրոյցին ժամանակ Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձած է նաեւ երկրէն ներս ստեղծուած քաղաքական կացութեան։ Իր խօսքով՝ Հայաստանի մէջ ընդդիմութեան կողմէ հնչեցուած կոչերը լայն տարածում չեն գտած հանրութեան շրջանակներէն ներս։ Իր հրաժարականի պահանջներուն փոխարէն Փաշինեան յայտնած է, որ այժմ աւելի կարեւոր հարց կը համարուի Հայաստանի կայունութեան եւ անվտանգութեան վերականգնումը, արտաքին ու ներքին առումով։

Միւս կողմէ, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան երէկ հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն՝ Իկոր Փոփովի (Ռուսաստան), Սթեֆան Վիզքոնթիի (Ֆրանսա) եւ Էնտրու Շեֆըրի (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ) հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, հեռախօսազրոյցներու ընթացքին կարծիքներ փոխանակուեցան Լեռնային Ղարաբաղի խաղաղութեան գործընթացին վերաբերեալ հարցերու եւ համանախագահներու յառաջիկայ ժամանակացոյցին շուրջ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, անդրադարձ կատարուեցաւ Արցախէ ներս ստեղծուած մարդասիրական տագնապի պայմաններուն ներքեւ արցախահայութեան շահերու պաշտպանութեան եւ իրաւունքներու վերականգնման։ Այս ամբողջին մէջ շեշտուեցաւ միջազգային համապատասխան կառոյցներու տեղւոյն վրայ ներգրաւման անհրաժեշտութիւնը։ Արա Այվազեան ընդգծեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան՝ որպէս միջնորդութեան միջազգային լիազօրութեան տէր միակ ձեւաչափ, շարունակականութեան ապահովման կարեւորութիւնը։

Երեւանի կողմէ այս շրջանին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացի շարունակութեան շուրջ օրակարգի վրայ բերուած պահանջներու իրատեսութեան մասին գնահատականներ տալը իսկապէս դժուար ըլլալ կը թուի։ Հրադադարի համաձայնութիւնով հայկական կողմը բանակցելու հնարաւորութիւններէն գրեթէ զրկուած է։ Օրերէ ի վեր, ստեղծուած տագնապալի մթնոլորտի պայմաններուն ներքեւ, Հայաստանի մէջ կը բարձրաձայնուի, որ իշխանափոխութիւնը անհրաժեշտ է՝ յառաջիկայ հսկայական աշխատանքը հնարաւորինս նպաստաւոր հունով կատարելու տեսակէտէ։ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի եռանախագահներէն ԱՄՆ եւ Ֆրանսա ակնյայտօրէն դուրս մնացած են հրադադարի հաստատման գործընթացէն։ Հրադադարը հաստատուած է բացառապէս Ռուսաստանի ջանքերով, Թուրքիոյ ներգործութեամբ եւ դաշտի վրայ ստեղծուած իրականութեան զուգահեռ՝ Ատրպէյճանի պատկերացումներուն համահունչ։ Այս փուլին, երբ հրադադարի համաձայնութեան գործադրութեան օրացոյցը ընթացքի մէջ է, ըստ երեւոյթին, Երեւանի կողմէ առնուելիք բոլոր քայլերը Մոսկուայի գրաւին տակ ըլլալ կը թուին։ Հայաստանի նախկին վարչապետներէն Հրանդ Բագրատեան երէկ յայտնեց, որ ստեղծուած կացութեան հետեւանքները հազիւ կրնան հաւասարակշռուիլ յառաջիկայ 30-40 տարիներու ընթացքին։ 

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 26, 2020