ՏԵՒԱԿԱՆ ԲՈՂՈՔ

Հայաստանի մէջ իշխանութիւններու դէմ ծնունդ առած բողոքի ալիքը կը շարունակուի։ Այս առաւօտ խորհրդարանը արտահերթ ժողով մը գումարեց՝ օրակարգի վրայ ունենալով երկրէն ներս ռազմական դրութեան բաւ համարուելու նիւթը։ Ազգային ժողովի շէնքին առջեւ այս առթիւ դարձեալ բողոքի ցոյց մը տեղի ունեցաւ։ Իշխանութեան գլուխ գտնուող «Իմ քայլը» խմբակցութիւնը կը մերժէ ռազմական դրութեան վերջ տրուիլը, որովհետեւ անով պայմանաւորուած սահմանափակումները ներկայիս գործնականօրէն կը նպաստեն քաղաքական շարժումները զսպելու։ Իսկ ընդդիմութիւնը կը շեշտէ, որ բոլորովին փոխուած է այն իրավիճակը, որ ռազմական դրութեան հաստատման համար պայմաններ կը ստեղծէր։

Այս իրավիճակին մէջ վարչապետ Փաշինեանի դէմ կը հնչեն ծանր քննադատութիւններ։ Հացադուլ յայտարարած Դաշնակցական գործիչ Գեղամ Մանուկեան երէկ յայտնեց. «Նիկոլ Փաշինեան կը յայտարարէր, որ ինք Արցախի ժողովուրդին կողմէ չէ ընտրուած ու չի կրնար բանակցիլ Արցախի համար, Արցախի փոխարէն, հապա ինչպէ՞ս Արցախի տարածքները յանձնեց»։

Իր կարգին, պաշտօնաթող զինուորական ու վերլուծաբան Տիգրան Աբրահամեանն ալ ընկերային ցանցերու վրայ հանդէս եկաւ զգուշացումով մը. «Փաշինեան չէ քննարկած Բերձորի կարգավիճակի հարցը՝ խիստ վտանգի տակ դնելով Արցախը Հայաստանի հետ կապող միակ ցամաքային ճանապարհը»։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 26, 2020