ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԾԵՐԱԿՈՅՏԸ ՃԱՆՉՑԱՒ ԱՐՑԱԽԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆԸ. ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՄԱՄԻՏ ՉԷ

Ֆրանսայի Ծերակոյտէն ներս երէկ օրակարգի վրայ եկաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։ Խումբ մը ծերակուտականներ պատրաստած էին նախագիծ մը, որով կ՚առաջարկուէր ճանչնալ Արցախի անկախութիւնը։ Ֆրանսայի մէջ Ծերակոյտի կողմէ արտաքին քաղաքականութեան վերաբերեալ առնուած որոշումները կառավարութեան կողմէ կ՚ընդունուին ի գիտութիւն, պարտադիր ուժ չունին։ Փարիզի մէջ, Լիւքսեմպուրկեան պալատէն ներս տեղի ունեցած երէկուան նիստին մասնակցեցան 306 ծերակուտական։ Ներկայացուած բանաձեւը դրուեցաւ քուէարկութեան եւ արդիւնքին 305 ծերակուտականի քուէով այդ մէկը արժանացաւ հաւանութեան։ Միայն մէկ ծերակուտական դէմ քուէարկեց, այսինքն բանաձեւը ընդունուեցաւ գրեթէ միաձայնութեամբ։

Յամենայնդէպս, երկրի գործադիր իշխանութիւնները համակարծիք չեն այս որոշումին։ Ծերակոյտի քննարկումներու օրը «Le Monde» հեղինակաւոր օրաթերթին մէջ լոյս տեսաւ յօդուած մը, ըստ որու Ֆրանսա կը փորձէ դարձեալ ազդեցութիւն ունենալ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին վրայ։ Ֆրանսայի կառավարութեան նախաձեռնութիւններն ալ թէեւ կու տան համապատասխան ազդանշաններ, սակայն Արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ ժխտական արձագանգ տուաւ Ծերակոյտի կողմէ առնուած որոշման։ Ըստ յիշեալ թերթի մեկնաբանութեան, Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին վերջ տուած հրադադարով Թուրքիա վերադարձած է Կովկաս։ Այս հանգամանքը, ամենայն հաւանականութեամբ, այդքան ալ նախընտրելի չ՚ըլլար Ռուսաստանի տեսակէտէ։ Յառաջիկայ շրջանին Մոսկուա կրնայ խուսափիլ Անգարայի հետ տարածքաշրջանի պարագային գլուխ գլուխի մնալէ եւ Փարիզի դիրքորոշումը այդ առումով կրնայ ազդեցութիւն գործել։ Ինչ որ ալ ըլլան վերլուծաբաններու կանխատեսումները, Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը Ծերակոյտին կողմէ առնուած որոշման լոյսին տակ յայտարարեց, որ Փարիզի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի ճանաչումը ոեւէ մէկուն օգուտ չի բերեր։ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան առընթեր պետական քարտուղար Ժան-Պաթիստ լը Մուան յայտնեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի միակողմանի ճանաչումը օգտակար չ՚ըլլար ոեւէ մէկուն համար՝ ո՛չ Հայաստանին, ո՛չ Ղարաբաղի բնակչութեան, ո՛չ Ֆրանսային, ո՛չ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի միւս համանախագահներուն եւ ոչ ալ Եւրոպային։ Ըստ ֆրանսացի բարձրաստիճան դիւանագէտին, այդ քայլը չ՚արտացոլեր կառավարութեան, Երեւանի եւ Փարիզի այլ գործընկերներու քաղաքականութիւնը։

Լեռնային Ղարաբաղի վերջին լայնածաւալ պատերազմի հետեւանքով դաշտի վրայ ստեղծուած կացութիւնը այնպիսի համայնապատկեր մը կը ցոլացնէ, որ Ֆրանսայի Ծերակոյտին կողմէ երէկ ընդունուած որոշումը դժուար թէ տեղաւորել կարելի ըլլայ անոր վրայ։ Գործնականօրէն, այս պահուն Արցախի Հանրապետութիւնը գոյութիւն չունի եւ լրջօրէն վտանգուած են անոր ցամաքային կապը Հայաստանի հետ եւ կարգավիճակի հաւանական յստակեցումը, որու քննարկումն իսկ արդէն բացայայտօրէն կը մերժուի Ատրպէյճանի կողմէ։

Ֆրանսայի Ծերակոյտին կողմէ առնուած որոշումը Հայաստանի մէջ ալ չէ ընդունուած միանշանակ ձեւով։ Մինչ իշխանութիւնները սա կը համարեն կարեւոր ձեռքբերում մը, ընդդիմութիւնը այդքան ալ մեծ արժէք չի վերագրեր այդ մէկուն։ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ՝ քննադատելով Ֆրանսայի Ծերակոյտին կողմէ առնուած որոշումը։ Թրքական լրատուամիջոցները կը մատնանշեն, որ Ֆրանսայի Ծերակոյտին կողմէ առնուած որոշումը ունի խորհրդանշական բնոյթ։

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ ուշ երեկոյեան ընկերային ցանցերու վրայ հանդէս եկաւ գրառումով մը, ըստ որու Ֆրանսայի Ծերակոյտին կողմէ առնուած որոշումը պատմական է եւ Արցախի միջազգային ճանաչումը կը մտնէ միջազգային օրակարգ։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որով ողջունեց Ֆրանսայի Ծերակոյտին կողմէ ընդունուած բանաձեւը։ Նախարարութեան յայտարարութեան մէջ այդ որոշումը որակուեցաւ կարեւորագոյն քայլ մը՝ Արցախի հիմնահարցի արդար լուծման ուղղութեամբ։

Ինչ որ ալ ըլլան Երեւանի ղեկավարութեան մօտեցումները, Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին վերջ տուած հրադադարի յայտարարութիւնով հայկական կողմը այնպիսի պարտաւորութիւններ յանձն առած է, որ Արցախի հիմնախնդրի արդար լուծման վերաբերեալ յայտարարութիւնները կը դառնան զուտ ձեւական։ Արդարեւ, Հայաստան ստորագրութիւն դրած է փաստաթուղթի մը տակ, որով Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը գրեթէ ամբողջութեամբ Ատրպէյճանի հայեացքին եւ նախընտրութիւններուն ճանապարհով պիտի կարգաւորուի եւ պատերազմի ժամանակ տանուլ տուած ըլլալով՝ հայկական կողմի ձեռքը սակարկութեան համար որեւէ խաղաքարտ չէ մնացած։

ՓԵՆԹԱԿՈՆԷՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Պաշտպանութեան նախարարութիւնն ալ երէկ տեղեկացուց, որ կ՚ողջունէ Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ ձեռք բերուած հրադադարի համաձայնութեան պահպանումը եւ իրադարձութիւններու համապատասխան զարգացումը։ Փենթակոնի բանբեր Ճանըթըն Հոֆման նշեց, որ հակամարտութեան կարգաւորման պայմանաւորուածութիւնները այս փուլին կը պահպանուին։ «Բարեբախտաբար ես կրնամ ըսել, որ այժմ կայ խաղաղ համաձայնութիւն մը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ, ինչ որ, դատելով ամէն ինչը՝ կը պահպանուի այս փուլին», ըսաւ Հոֆման։

ՊԵՐԼԻՆԷՆ ՅԱՏԿԱՑՈՒՄ

Եւրոպայի յառաջատար երկիրներէն Գերմանիան ալ կը շարունակէ ուշադրութեամբ հետեւիլ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի վերաբերեալ իրադարձութիւններուն։ Պերլինի ղեկավարութիւնը որոշեց 2 միլիոն եւրօ տրամադրել Կարմիր խաչի Միջազգային կոմիտէին՝ Լեռնային Ղարաբաղի մարդասիրական ծրագրերու իրականացման համար։ Գերմանիոյ կառավարութիւնը յայտարարեց, որ Կարմիր խաչը պէտք է անարգել մուտքի հնարաւորութիւն ունենայ այն բոլոր տարածքները, ուր ռազմական գործողութիւններ տեղի ունեցան՝ անխտիր բոլոր կարիքաւորներուն աջակցելու համար։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 26, 2020