ՆԱԽԱԳԱՀ ԷՐՏՈՂԱՆ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑ ԻԼՀԱՄ ԱԼԻԵՒԻ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան նախընթաց օր հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Այս առթիւ Էրտողան շնորհաւորեց Ալիեւի ծննդեան տարեդարձը եւ անոր մաղթեց առողջ, երջանիկ կեանք մը։ Ալիեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Էրտողանի բարեմաղթութիւններուն համար։ Երկու ղեկավարները առիթէն օգտուելով գոհունակութիւն յայտնեցին Թուրքիա-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու բոլոր առումներով բարւոք վիճակին բերումով։

Հարկ է նշել, որ Ալիեւ տարեդարձին առթիւ շնորհաւորութիւններ ընդունած է նաեւ աշխարհի այլ զանազան երկիրներու ղեկավարներու կողմէ։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2018