ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՀԵՏՔԵՐՈՎ

Հոլիվուտի մէջ Սայաթ Նովայի մասին նոր ժապաւէնի մը նկարահանման համար պատրաստութիւններ յառաջ կը տարուին։ Փարիզի «Նոր Յառաջ» թերթի հաղորդումներով, այս ծրագիրը կեանքի կոչելու համար աշխատանքի լծուած է դերասան Յովհաննէս Պապախանեան։ Լոս Անճելըսի Amga.tv հեռուստակայանին տուած հարցազրոյցին մէջ ան նշած է, որ ծրագրի ներկայացման համար արդէն տեսանիւթ մը նկարահանուած է եւ ներկայիս սոյն ժապաւէնի ամբողջական տարբերակի նկարահանման նպատակով հովանաւոր մը կը փնտռուի։

Ի տարբերութիւն Սայաթ Նովայի մասին նախապէս արտադրուած ժապաւէններէն, այս նոր ժապաւէնին մէջ հանդիսատեսը հնարաւորութիւն պիտի ունենայ տեսնելու աշուղին ընտանիքը, կինը եւ չորս երեխաներուն մասին պատմուածները։ Բեմագրութիւնը պատրաստուած է Սայաթ Նովայի ժամանակակից ամենածանօթ հետազօտող Ասլան Ասլանեանի աշխատանքի հիման վրայ։ Աշուղին դերը պիտի ստանձնէ Պապախանեան։ Ժապաւէնին մէջ Սայաթ Նովա պիտի ներկայացուի որպէս տարեց անձ մը, որու կեանքը պիտի պատկերուի անոր յիշողութիւններուն հիման վրայ։

Հարկ է նշել, որ Սայաթ Նովայի մասին առաջին ժապաւէնը նկարահանուած է 1960 թուականին։ Կիմ Արզումանեանի կողմէ հեղինակուած սեւ-սպիտակ այս գործը մեծ ազդեցութիւն գործած էր ժամանակակիցներու պատկերացումներուն մէջ 18-րդ դարու հայութեան կեանքի նկարագրման տեսանկիւնէ։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2018