ՏՕՆԱԿԱՆ ՀՐՃՈՒԱՆՔ

Քրիստոնեայ աշխարհը արդէն կը նշէ Ս. Ծննդեան տօնը։ Պատրիարքական Աթոռը այս առթիւ քաղաքիս քրիստոնեայ համայնքներու եւ յարանուանութիւններու հոգեւոր կեդրոններուն միջոցաւ կը բաժնէ քոյր եկեղեցիներու տօնական ուրախութիւնը։

Երէկ, Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Ս. Ծննդեան առթիւ այցելեց Ֆէնէրի յունաց պատրիարքարանը, ուր հիւրընկալուեցաւ Ուղղափառաց Ծայրագոյն Պատրիարք Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա.-ի կողմէ։ Իրեն ընկերացան Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան եւ Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան։ Նորին սրբազնութիւնը Ս. Ծննդեան առթիւ շնորհաւորութիւններ եւ բարեմաղթութիւններ յղեց Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարքին։ Զրոյցի տեւողութեան անոնք մաղթեցին, որ աշխարհի վրայ տիրէ խաղաղութիւն եւ մեր երկրին մէջ ալ անդորրութիւն։

Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ իր ընկերակիցները Ֆէնէրէն վերջ ուղղուեցան Սաքըզաղաճը, ուր այցելեցին Կաթողիկէ հայոց արքեպիսկոպոսարանը։ Ընդհանուր փոխանորդը եւ ընկերակիցները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցան Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեանի կողմէ։ Հայ կաթողիկէից առաջնորդարանի երդիքին տակ Զեքիեան Գերապայծառի կողքին էին Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատունէն Հայր Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան եւ Հայր Աբրահամ Ծ. Վրդ. Ֆրատեան։ Մասնակիցներու շարքին էին հայ կաթողիկէ հասարակութեան հաստատութիւններու վարչայինները։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Զեքիեան Գերապայծառ եղբայրաբար ողջագուրուեցան Ս. Ծննդեան առթիւ եւ փոխանակեցին անկեղծ բարեմաղթութիւններ։ Անոնց մաղթանքն էր, որ աշխարհի վրայ տիրէ խաղաղութիւն, մեր երկրի քաղաքացիները ըլլան երջանիկ եւ թրքահայ համայնքն ալ ունենայ նորանոր ձեռքբերումներ։

Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ իր ընկերակիցները այցելութիւն մը տուին նաեւ Ասորի Ուղղափառներու պատրիարքական փոխանորդ Ֆիլիքսինոս Եուսուֆ Չեթին մետրապոլիտին։ Այս հանդիպման ընթացքին եւս կրկնուեցան մաղթանքները՝ որպէսզի Թուրքիոյ եւ տարածքաշրջանի երկիրներուն միջեւ տիրէ խաղաղութիւն եւ հաստատուի անդորրութիւն։

Բաց աստի, յանուն Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան այցելեց Ասորի կաթոլիկներու պատրիարքական փոխանորդ Մոնս. Օրհան Չամլըին։ Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան այցելութիւն մը տուաւ Լատին կաթոլիկ համայնքի հոգեւոր առաջնորդ Մոնս. Ռուպէն Կոնզալեսին։ Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան այցելութիւն մը տուաւ քաղդէացի համայնքի Պատրիարքական փոխանորդ Մոնս. Ֆրանսուա Եաքանին։

Միւս կողմէ, օր մը առաջ ալ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան երեկոյեան մասնակցեցաւ Պէյօղլուի Սեն թ՚Անթուան եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. Պատարագին եւ Ս. Ծննդեան տօնակատարութեան։ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանն ալ նոյն երեկոյեան ներկայ գտնուեցաւ Թաքսիմի Ս. Յովհան Ոսկեբերան հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. Պատարագին։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2018