ԵՂԲԱՅՐԱԿԱՆ ՈՂՋՈՅՆ

Քրիստոնեայ աշխարհը արդէն համակուած է Սուրբ Ծննդեան տաղաւարի ոգեւոր ուրախութեամբ։ Քաղաքիս քրիստոնեաները եւս հրճուանքով կը տօնեն մանուկ Յիսուսի ծնունդը։ Այս մթնոլորտին մէջ, Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը ուրախակից կ՚ըլլայ քաղաքիս քոյր եկեղեցիներու հոգեւոր պետերու եւ անոնց հաւատացեալներու տօնական ուրախութեան։ Շուրջ տասներկու տարուայ ընդհատումէ մը վերջ Պատրիարքական Աթոռին կողմէ կատարուած շնորհաւորութիւնները, տրուած այցելութիւնները արդէն կ՚ըլլան ուղղակի գահակալի մը մակարդակով։ Ամեն. Տ. Սահակ Ընտրեալ-պատրիարք Սրբազան Հայրը երէկ Պոլսոյ Աթոռին եւ մեր համայնքին անունով իրականացուց շարք մը շնորհաւորական այցելութիւններ, որոնց կարեւորագոյնն էր Ֆէնէրի Յունաց Պատրիարքարանը կատարուածը։ Նորին Ամենապատուութիւնը այս առթիւ ընդունուեցաւ Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքին կողմէ։

Գումգաբուի աղբիւրներու հաղորդումներով, Ս. Ծննդեան տօնին առիթով, երէկ, շնորհաւորական այցելութիւններ տրուեցան քաղաքիս քոյր յարանուանութեանց հոգեւոր պետերուն։

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Ընտրեալ-պատրիարք Հայրը, իր հետն ունենալով դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանը, Պատրարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանը ու Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանը, ժամը 15.30-ին, այցելութիւն մը տուաւ յունաց Ն.Ս.Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքին։

Ընտրեալ-պատրիարք Սրբազան Հայրն ու ընկերակիցները դիմաւորուեցան Պատրիարքարանի մուտքին եւ առաջնորդուեցան յունաց Աթոռանիստ Մայր տաճարը, ուր իրենց ուխտի աղօթքը կատարեցին։ Տօնական ընդունելութեանց մասնակցելու համար, Պատրիարքարան փութացած էին հոգեւորականներ ու դիւանագիտական դէմքեր։ Պատրիարքական Աթոռոյ պատուիրակութիւնը, ապա առաջնորդուեցաւ Նորին Սըր-բութեան պաշտօնական սենեակը։ Այստեղ Ն.Ս.Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարք դիմաւորեց հիւրերը եւ բարի գալուստ մաղթեց իրենց։

Տեսակցութեան ընթացքին, Նորին Ամենապատուութիւնը Նորին Սրբութեան անձին մէջ շնորահաւորեց Յոյն Եկեղեցւոյ Ս. Ծննդեան տօնը։ Ընտրեալ-պատրիարք Հայրը, նշեց թէ, Ամանորը մեր յոյսերը թարմացնելու համար լաւ առիթ է եւ ինք կը մաղթէ ամենայն բարիք Իր ի Քրիստոս եղբայրներուն։ Իսկ Ն.Ս.Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարք անգամ մը եւս շնորհաւորեց Պատրիարք Սրբազան Հօր ընտրութիւնը։ Նորին Սրբութիւնը, այցելութեանց եւ բարի մաղթանքներուն համար շնորհակալութեամբ արտայայտուեցաւ եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց, թէ Ս. Ծննդեան տօնին առթիւ եղբայրական աւանդական այցելութիւնները կը շարունակուէին քոյր Պատրիարքական Աթոռոյ կողմէ։

Նորին Ամենապատուութիւնը իր մօտն ունենալով ընկերակիցները, ժամը 16.30-ին, այցելութիւն տուաւ Ասորի ուղղափառաց պատրիարքական փոխանորդ Մոր Ֆիլիքսինոս Եուսուֆ Չեթին Ս. Մետրոպոլիտին։ Ընդունելութիւնը տեղի ունեցաւ Առաջնորդարանի սրահին մէջ, որուն ներկայ էին Ասորի համայնքէ անդամներ, ինչպէս նաեւ դիւանագիտական դէմքեր։ Նորին Ամենապատուութիւնը Ս. Մետրոպոլիտի անձին մէջ շնորհաւորեց Ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ անդամները եւ բարեբեր Ս. Ծնունդ մաղթեց։ Ս. Մետրոպոլիտը յատենի ներկաներուն ներկայացուց Ընտրեալ-պատրիարք Սրբազան Հայրը եւ յայտնեց թէ, ինք որպէս Պատրիարքական Աթոռոյ ամենաբարձր ներկայացուցիչը ներկայ կը գտնուէր սոյն ընդունելութեան։ Այս առթիւ, շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքավարական այցելութեան համար ու փոխադարձ բարեմաղթութիւններ յղեց Նորին Ամենապատուութեան։

Ընտրեալ-պատրիարք Սրբազանը իր ընկերակիցներով, ժամը, 17.30-ին, այցելութիւն տուաւ Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեանին։ Այցելութեան ներկայ էին նաեւ Հ. Աբրահամ Ծ. Վրդ. Ֆրատեան, Յակոբ Սրկ. Մինասեան, Հայ Կաթողիկէ համայքէ վարչային դէմքեր ու քաղաքական գործիչներ։ Ընտրեալ-պատրիարք Հայրը Լեւոն Գերապայծառի անձին մէջ շնորհաւորեց Հայ Կաթողիկէ համայնքի անդամները եւ մօտալուտ Ամանորին առթիւ իր բարեմաղթութիւնները յղեց։ Ներկաներ շնորհակալութիւն յայտնեցին քաղաքավարական այցելութեան համար, յաջողութիւն մաղթեցին նաեւ Ընտրեալ-պատրիարք Սրբազան Հօր իր պաշտօնին մէջ։

Միւս կողմէ, Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան, ընկերակցութեամբ Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեանի, այցելեց քաղաքիս Ասորի Կաթոլիկ պատրիարքական փոխանորդ Մոնս. Օրհան Չանլըին։ Անոնք յանուն Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր շնորհաւորեցին Ասորի Կաթոլիկ համայնքի Ս. Ծննդեան տօնը։

Իսկ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան ընկերակցութեամբ Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեանի այցելութիւն տուաւ Լատին Կաթոլիկ համայնքի Պապական փոխանորդ Մոնս. Ռուբէն Կոնզալէզ Ս. Եպիսկոպոսին։ Հայր սուրբն ու տէր հայրը, յանուն Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր, Ռուբէն Ս. Եպիսկոպոսի անձին մէջ շնորհաւորեցին քաղաքի Լատին Կաթոլիկ համայնքի անդամները։ Զրոյցի ընթացքին անդրադարձան, թէ Պոլսոյ մէջ օրինակելի միջեկեղեցական յարաբերութիւններով, Տէրունի տօներու ոգեւորութիւնը ա՛լ աւելի կը շատնային։ Ռուբէն Ս. Եպիսկոպոսը շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքավարական այցելութեան համար ու եղբայրական ողջոյնները ուղարկեց Ընտրեալ-պատրիարք Սրբազան Հօր։ Հայր սուրբն ու տէր հայրը ապա այցելեցին Քաղդէացի Կաթոլիկ համայնքի պատրիարքական փոխանորդ Մոնս. Ռամզի Կարմօ Ս. Եպիսկոպոսին, որուն եւս յանուն Պատրիարքական Աթոռոյ փոխանցեցին Ս. Ծննդեան բարեմաղթութիւններ։

Քոյր եկեղեցիներու պետերու հասարակաց մաղթանքն էր յիշել՝ խաղաղութեան կարիքը եւ այս ուղղութեամբ արժեւորել Քրիստոսի Ս. Ծննդեան տօնը։ Իւրաքանչիւրը իրենց խնդակցութիւնները յայտնեցին, քանի Պատրիարքական Աթոռը տիրացած էր իր գահակալին եւ մաղթեցին, որ այս մէկը դառնայ օրհնութեան առիթ ո՛չ միայն Հայ Եկեղեցւոյ եւ հայ համայնքին, այլ՝ բոլոր քրիստոնեայ յարանուանութիւններուն։

ՄՈՐԻՍ ԼԵՒԻԻ ԱՅՑԸ

Մինչ այդ Նորին Ամենապատուութիւնը նախընթաց օր Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Մորիս Լեւին։ Այս առթիւ ան ջերմօրէն շնորհաւորեց Նորին Ամենապատուութեան ընտրութիւնը։ Վերջերս Լոնտոնի մէջ, «Աղթամար»ի ցուցահանդէսի բացման ժամանակ Նորին Ամենապատուութիւնը մէկտեղուած էր Մորիս Լեւիի հետ։ Այդ հանդիպումէն շատ կարճ ժամանակ անց Նորին Ամենապատուութիւնը Մորիս Լեւին հիւրընկալեց՝ արդէն ընտրեալ-պատրիարքի կարգավիճակով։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքավարական այցելութեան համար։ Նորընտիր պատրիարքը մատնանշեց, որ հայ համայնքէն ներս դրական մթնոլորտ մը ծնունդ առած է պատրիարքական ընտրութենէն վերջ եւ իր մաղթանքն է, որ ան յաջողութեամբ շարունակէ ընթանալ իր պատմական ճանապարհին վրայ, ինչ որ պիտի նպաստէ բոլոր փոքրամասնութիւններուն։

ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ

Միւս կողմէ, Պատրիարքական Աթոռը արդէն պատրաստութիւններու ձեռնարկած է երանաշնորհ պատրիարք Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի շիրմի կառուցման նպատակով։ Մինչ կը մօտենայ իր վախճանման առաջին տարելիցը, Շիշլիի գերեզմանատան հոգեւորականաց բաժանմունքէն ներս արդէն սկսած են նախապատրաստական աշխատանքները։ Տ. Սահակ Ընտրեալ-պատրիարք Սրբազան Հօր տնօրինութեամբ՝ շիրմի պատրաստութեան պարտականութիւնը յանձնուած է ճարտարապետ Վազգէն Պարընին։ Նորին Ամենապատուութիւնը վերջին օրերուն Գումգաբուի մէջ ընդունեց Վազգէն Պարընը, որմէ տեղեկութիւններ ստացաւ ձեռնարկուած աշխատանքին շուրջ։ Վազգէն Պարըն Նորին Ամենապատուութեան ցոյց տուաւ իր պատրաստած նախագիծը եւ մանրամասնութիւններ ներկայացուց աշխատանքներուն շուրջ։ Նորին Ամենապատուութիւնը յիշեցուց, որ մեր նախորդ երեք պատրիարքներու շիրիմները պատրաստուած էին Վազգէն Պարընի կողմէ ու վստահութիւն յայտնեց, թէ Մեսրոպ Պատրիարքի շիրիմն ալ պիտի պատրաստուի պատշաճ ձեւով։ Նորին Ամենապատուութիւնը գնահատեց Վազգէն Պարընի կողմէ ցուցաբերուած նախանձախնդրութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց ծրագրի մասնակից բոլոր տարրերուն։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2019