ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔԸ

Հա­ւա­քա­կան անվ­տան­գու­թեան պայ­մա­նագ­րի կազ­մա­կեր­պու­թեան (ՀԱՊԿ) ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Նի­քո­լայ Պոր­տեու­ժա այս օ­րե­րուն շփում­ներ կ՚ու­նե­նայ Ե­րե­ւա­նի մէջ։ Մին­չեւ Ուր­բաթ՝ Յու­նուա­րի 29-ը պի­տի շա­րու­նա­կուին իր շփում­նե­րը, ո­րոնց ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի վրայ կու գան այս կազ­մա­կեր­պու­թեան հրա­տապ խնդիր­նե­րը։ Ե­րէկ, Նի­քո­լայ Պոր­տեու­ժա հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի կող­մէ։ Զրոյ­ցի ըն­թաց­քին անդ­րա­դարձ կա­տա­րուե­ցաւ Մոս­կուա­յի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած ՀԱՊԿ-ի վեր­ջին գա­գա­թա­ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին առ­նուած ո­րո­շում­նե­րուն։ Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ ներ­կա­յիս Հա­յաս­տան կը վա­րէ ՀԱՊԿ-ի շրջա­նա­յին նա­խա­գա­հի պաշ­տօ­նը, Նալ­պան­տեան եւ Պոր­տեու­ժա շօ­շա­փե­ցին նաեւ հայ­կա­կան նա­խա­գա­հու­թեան ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րու կա­տար­ման ըն­թաց­քը։ Ե­րե­ւա­նի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­լով ըն­դու­նե­լու­թեան հա­մար՝ Պոր­տեու­ժա Նալ­պան­տեա­նին ներ­կա­յա­ցուց ՀԱՊԿ-ի ըն­թա­ցիկ աշ­խա­տանք­նե­րը։ Ան գո­հու­նա­կու­թեամբ նշեց կազ­մա­կեր­պու­թեան մօտ հայ­կա­կան նա­խա­գա­հու­թեան կող­մէ ձեռ­նար­կուած ծա­ւա­լուն աշ­խա­տան­քը։ Նալ­պա­նեան եւ Պոր­տեու­ժա քննար­կե­ցին նաեւ կազ­մա­կեր­պու­թեան օ­րա­կար­գա­յին հար­ցե­րը, ինչ­պէս նաեւ անդ­րա­դար­ձան Հա­յաս­տա­նի մէջ նա­խա­տե­սուած ՀԱՊԿ-ի կա­նո­նադ­րա­կան մար­մին­նե­րու ժո­ղով­նե­րու նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն։

Միւս կող­մէ, Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Սէյ­րան Օ­հա­նեան ե­րէկ յայտ­նեց, թէ Հա­յաս­տան ՀԱՊԿ-ի լիար­ժէք ան­դամ է եւ լուրջ աշ­խա­տանք կը կա­տա­րէ ա­նոր դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը բարձ­րաց­նե­լու ուղ­ղու­թեամբ։ Հայ­կա­կան կող­մը, ըլ­լա­լով շրջա­նա­յին նա­խա­գահ, կա­տա­րած է նաեւ բազ­մա­թիւ լուրջ ա­ռա­ջարկ­ներ՝ նոյն նպա­տակ­նե­րուն ուղ­ղու­թեամբ։ «Հա­յաս­տան կը փա­փա­քի ՀԱՊԿ-ն տես­նել որ­պէս ա­մուր, ու­ժեղ եւ լիար­ժէք կազ­մա­կեր­պու­թիւն», ը­սաւ Սէյ­րան Օ­հա­նեան եւ ա­ւել­ցուց, թէ Հա­յաս­տան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ա­ռու­մով ան­ցեալ տա­րի լուրջ ար­դիւնք­նե­րու հա­սած է իր դաշ­նա­կից­նե­րուն հետ։

Սէյ­րան Օ­հա­նեա­նի խօս­քե­րով՝ Հա­յաս­տան լուրջ կեր­պով կը հա­մա­գոր­ծակ­ցի թէ՛ ՀԱՊԿ-ի եւ թէ ՆԱ­ԹՕ-ի հետ։ 

Չորեքշաբթի, Յունուար 27, 2016