ԲՆԱԳԱՒԱՌՆԵՐ ԵՒ ՈՐՈՆՈՒՄՆԵՐ

Հայաստանի Վարչապետ Կարէն Կարապետեան, որ մասնակցեցաւ Համաշխարհային տնտեսական ֆորումին, աւարտեց Տաւոսի շփումները եւ վերադարձաւ Երեւան։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Տաւոսի մէջ կեցութեան վերջին օրը, Կարէն Կարապետեան հանդիպումներ ունեցաւ Ասիական զարգացման դրամատան նախագահ Թեքհիքօ Նաքաոյի, Ռուսաստանի փոխ-վարչապետ Արքատի Տվարքովիչի, ինչպէս նաեւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու խոշոր ներդրումային ընկերութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ։

Հարկ է նշել, որ Ասիական զարգացման դրամատունը Հայաստանին վարկեր կը տրամադրէ՝ կարեւոր ենթակառուցուածքային ծրագրերու իրականացման նպատակով։ Կարէն Կարապետեանի եւ Թեքհիքօ Նաքաոյի երէկուան հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի մէջ այս դրամատան աջակցութեամբ իրականացուող շարք մը ծրագրերու ընթացքը, ներառեալ ենթակառուցուածքներու զարգացման, փոխադրութեան, ճանապարհաշինութեան, սիսմիք անվտանգութեան բարելաւման եւ այլ զանազան բնոյթով նախագծեր։

Կարէն Կարապետեան դրամատան նախագահին ներկայացուց Հայաստանի տնտեսութեան մէջ նախորդ տարի արձանագրուած դրական արդիւնքները եւ վստահեցուց, թէ կառավարութիւնը վճռական է բարեփոխումներ իրականացնել այս հարցին մէջ։

Իր կարգին, Նաքաօ նշեց, որ իրենց կողմէ Հայաստանի մէջ իրականացուող աշխատանքներուն յաջող ընթացքը թոյլ կու տայ խօսիլ աւելի մեծ ծաւալով ծրագրերու իրականացման մասին։ Այդ նոր ծրագրերը պիտի ընդգրկեն նոր բնագաւառներ։

Կարէն Կարապետեան Թեքհիքօ Նաքաոն հրաւիրեց այցելել Հայաստան եւ համաձայնութիւն գոյացաւ, որպէսզի այդ այցելութիւնը տեղի ունենայ ներկայ տարուան առաջին կէսին։

Արքատի Տվորքովիչի հետ զրուցելու ընթացքին Կարէն Կարապետեան շօշափեց Հայաստան-Ռուսաստան համատեղ օրակարգին վերաբերեալ շարք մը հարցեր։ Անդրադառնալով նախորդ տարուան երկկողմանի առեւտրատնտեսական ցուցանիշներուն՝ Հայաստանի վարչապետը ընդգծեց, որ աճ արձանագրուած է ինչպէս առեւտրաշրջանառութեան, այնպէս ալ ներածման ու արտածման գետիններու վրայ։ «Այս թիւերը կը վկայեն, թէ մենք ճիշդ ուղղութեան վրայ ենք», ըսաւ Վարչապետ Կարէն Կարապետեան։

Զրուցակիցները խօսեցան նաեւ գիւղատնտեսութեան բնագաւառի մէջ համագործակցութեան մասին։ Կարէն Կարապետեան մասնաւորապէս ներկայացուց անասնաբուծութեան բնագաւառի մէջ Հայաստանէ ներս իրականացուող ծրագրերը։ Ան նշեց, որ այդ ծրագրերը կրնան հետաքրքրական ըլլալ ռուս գործարարներուն տեսակէտէ։

Միեւնոյն ժամանակ Կարապետեան մատնանշեց շարք մը բնագաւառներ, ուր Հայաստան պատրաստ է նախագծեր իրականացնել պետութիւն-մասնաւոր հատուած գործընկերութեան սկզբունքով։

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ներդրումային խոշոր ընկերութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ զրուցելու ընթացքին ալ Կարէն Կարապետեան ներկայացուց Հայաստանէ ներս իրականացուող բարեփոխումները, որոնց նպատակն է բարելաւել ներդրումային դաշտը եւ գործարարութեան համար աւելի բարենպաստ պայմաններ ձեւաւորել։

Շաբաթ, Յունուար 27, 2018