ԴՊՐՈՑԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒՄ

Երեւանի քաղաքապետարանի Հանրակրթութեան վարչութեան նախաձեռնութեամբ՝ Յովհաննէս Այվազովսքիի 200-ամեակին նուիրուած յոբելենական միջոցառումներու շրջանակէն ներս տեղի ունեցած է դպրոցականներու նկարչական աշխատանքներու ցուցահանդէս-մրցոյթ։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի երդիքին տակ կազմակերպուած մրցանակաբաշխութեան ներկայ գտնուած է նաեւ Երեւանի փոխ-քաղաքապետ Արամ Սուքիասեան։ Ան խօսք առնելով՝ շնորհաւորած է աշակերտները, ընդգծած է արուեստի եւ յատկապէս Այվազովսքիի ստեղծագործութիւններու նկատմամբ հետաքրքրութեան մեծացման եւ գեղագիտական դաստիարակութեան կարեւորութիւնը։

Մրցոյթի դպրոցական եւ քաղաքային փուլերու արդիւնքներով, յանձնաժողովի քուէարկութեամբ, առաջին երեք մրցանակակիրները պարգեւատրուած են Երեւանի քաղաքապետի պատուոյ գիրերով եւ «Այվազովսքի» պատկերագիրքերով։ Մրցոյթի մասնակից եւս 18 աշակերտներու աշխատանքներ հռչակուած են լաւագոյնը եւ արժանացած՝ պատուոյ գիրերու ու խրախուսական նուէրներու։

Միջոցառման աւարտին աշակերտները շրջած են ցուցասրահները եւ ծանօթացած՝ Յովհաննէս Այվազովսքիի 200-ամեակին նուիրուած ցուցահանդէսին։

Շաբաթ, Յունուար 27, 2018