ԼՈՒՍԻՆԷ ԶԱՔԱՐԵԱՆԻ ՏՈՒՆԸ ԿԸ ՎԵՐԱԾՈՒԻ ԹԱՆԳԱՐԱՆԻ

Հայ հոգեւոր երգի անզուգական կատարող Լուսինէ Զաքարեանի թանգարանի վերանորոգման աշխատանքը կը նախատեսուի աւարտել մինչեւ Յունիսի 1-ը՝ երգչուհիի ծննդեան օրը։ Այդ օրն ալ տեղի կ՚ունենայ թանգարանի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը։

Լուսինէ  Զաքարեանի եւ անոր ամուսնոյն՝ Խորէն Պալեանի մահէն յետոյ Երեւանի Կողբացի, 42 հասցէին գտնուող անոնց բնակարանը անցած էր Պալեանի զարմիկներուն, որոնք իրենց ժառանգած սեփականութիւնը թարգարանի վերածելու հարցին մէջ երկար տարիներ համաձայնութեան չէին հասած։

Ինչպէս «Արմէնփրէս»ին տեղեկացուցին Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան հասարակութեան հետ կապերու բաժնէն՝ Զաքարեանի տունը թանգարանի վերածելու ցանկութիւնը կեանքի կոչելու հնարաւորութեան մասին վերջերս յայտարարած է Մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեան։ Մշակոյթի փոխ-նախարար Արեւ Սամուէլեանի պարզաբանմամբ, յաջողուած է ընդհանուր յայտարարի գալ Լուսինէ Զաքարեանի ու Խորէն Պալեանի՝ մի քանի շառաւիղով ժառանգորդներու հետ։

«Կ՚ուզեմ ընդգծել եւ շնորհակալութիւն յայտնել Խորէն Պալեանի եղբօրորդիներուն, որոնք կրցան լուծել այս խնդիրը։ Արդիւնքին Լուսինէ Զաքարեանի տունը կը վերածուի թանգարանի։ Սա եղած է ոչ միայն հանրութեան եւ Մշակոյթի նախարարութեան, այլեւ այդ հրաշալի զոյգի՝ Լուսինէ Զաքարեանի եւ Խորէն Պալեանի մեծ փափաքը։ Մշակութային այս օճախը կ՚ունենայ հիմնադրամ-թանգարանի կարգավիճակ։ Ցուցադրութեան գիտական հայեցակարգը կը մշակէ Եղիշէ Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանը։ Բնակարանի վերանորոգումը ստանձնած է Րաֆֆի Պալեան՝ Խորէն Պալեանի եղբօրորդին։ Աշխատանքը կ՚ընթանայ յաջողապէս», ըսած է Սամուէլեան։

Շաբաթ, Յունուար 27, 2018