ՏԵՍԼԱԿԱՆԻ ՄԱՐԴ

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեան, որ վերջերս այցելեց Երեւան, իր կեցութեան օրերուն անդրադարձաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նոր նախագահի մօտալուտ ընտրութեան։ «Շանթ» հեռուստաընկերութեան տուած հարցազրոյցին ընթացքին ան մեկնաբանեց Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան կողմէ առաջադրուած Արմէն Սարգսեանի թեկնածութիւնը։

Պերճ Սեդրակեանի խօսքերով՝ Արմէն Սարգսեանի հեղինակութիւնը եւ քաջատեղեակութիւնը շատ օգտակար պիտի ըլլան Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններուն մէջ։ Ըստ Պերճ Սեդրակեանի, Արմէն Սարգսեան ոչ միայն մեծ հեղինակութիւն կը վայելէ սփիւռքի մէջ, այլ նաեւ չափազանց լաւ տեղեակ է սփիւռքի խնդիրներէն։ «Անշուշտ, մեզի համար պատիւ է իրեն հետ մօտէն ծանօթ ըլլալը։ Մեր յարաբերութիւնները սկիզբ առած են 1990-ական թուականներէն։ Իր հեղինակութիւնը, իր քաջատեղեակութիւնը սփիւռքի խնդիրներու շուրջ օգտակար կ՚ըլլայ եւ վստահ եմ՝ շատ դրական դեր պէտք է ունենայ Հայաստան-Սփիւռք փոխյարաբերութիւններուն մէջ», ըսաւ Պերճ Սեդրակեան։

Հարցազրոյցին տեւողութեան Պերճ Սեդրակեան մատնանշեց, որ Արմէն Սարգսեան համբերատար անձնաւորութիւն մըն է եւ պիտի կարենայ իրականացնել Հայաստան-Սփիւռք կապի ամրապնդման ու զարգացման ուղղութեամբ իր տեսլականը։

Ո՞Վ Է ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ

Արմէն Սարգսեան՝ գիտնական, դեսպան, վարչապետ, գործարար ծնած է 1953-ի Յունիս 23-ին Երեւան: Ամուսնացած է, ունի երկու որդի: Ուսանած է Երեւանի Պետական համալսարանի Տեսական բնագիտութեան եւ ուսողութեան բաժանմունքը: 1976-1984 թուականներուն դասաւանդած է Երեւանի Պետական համալսարանի (ԵՊՀ) մէջ, հիմնադրած է ԵՊՀ-ի Տեսական բնագիտութեան բաղադրիչ համակարգերու համակարգչային ծրագրաւորման բաժինը: Դասաւանդած է նաեւ Քեմպրիճի համալսարանին մէջ, Լոնտոնի համալսարանի Ուսողութեան հիմնարկին մէջ: 1991-1995-ին զբաղեցուցած է Միացեալ Թագաւորութեան մօտ Հայաստանի դեսպանի պաշտօնը: 1995-1996-ին Եւրոմիութեան մօտ Հայաստանի Առաքելութեան ղեկավարը եղած է: 1996-1997-ին ստանձնած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնը: 1998-1999-ին վերանշանակուած է Միացեալ Թագաւորութեան մօտ Հայաստանի դեսպանի պաշտօնին: 2013-ի Սեպտեմբերին Արմէն Սարգսեան երրորդ անգամ ստանձնած է Միացեալ Թագաւորութեան մօտ Հայաստանի դեսպանի պաշտօնը:

2000 թուականէն Eurasia House International կազմակերպութեան հիմնադիր նախագահն է: 2001-2011 Քեմպրիճի համալսարանի Ճաճ պիզնըս դպրոցին մէջ Եւրոասիական կեդրոնի հիմնադիրն ու տնօրէնը:

Ամէնամեայ Եւրոասիական լրագրական ժողովի (Astana) (2002), Քեմպրիճի համալսարանի մէջ Տարեկան ազդեցիկ համաժողովի (2002) հիմնադիրն է: 2001-2013 թուականներուն British Petrolium, Alcatel, Telefonica ընկերութիւններու գլխաւոր խորհրդատուն եղած է, Bank of America Merrill Lynch-ի եւ այլ միջազգային ընկերութիւններու աւագ խորհրդատու:

Պատուաւոր եւ գործադիր պաշտօններ կը զբաղեցնէ շարք մը կառոյցներու մէջ: Ուժանիւթի անվտանգութեան համաշխարհային խորհուրդի նախագահն է (WEFForum), Արեւելք-Արեւմուտք հիմնարկի (EWI) փոխ-նախագահը, Եւրոատլանտեան անվտանգութեան նախաձեռնութեան յանձնաժողովի համանախագահը (Ուժանիւթի անվտանգութեան նախագահ), Բրիտանահայկական համակուսակցական խորհրդարանական խումբի հիմնադիր նախագահը, Համաշխարհային առաջնորդութեան հիմնադրամի (GLF) խորհուրդի անդամը, Հարվըրտի համալսարանի Քենետիի կառավարման դպրոցի խորհուրդի անդամը, Շիքակոյի համալսարանի հանրային քաղաքականութեան ուսումնասիրութիւններու Հարրիսի դպրոցի խորհուրդի անդամը, «Ճոն Սմիթ» հիմնադրամի հոգաբարձու է, Միջազգային տնտեսական դաշնութեան համաշխարհային առաջնորդութեան խորհուրդի անդամ, պատուաւոր աւագ հետազօտող Ուսողութեան գիտութիւններու դպրոցին, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատուաւոր տոքթոր է։

Պարգեւատրուած է «Սուրբ Գրիգոր Մեծ» պարգեւով Նորին Սրբութիւն Յովհաննէս Պօղոս Երկրորդ պապէն, «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» մետայլով՝ Ամենայն Հայոց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսէն:

Հեղինակ է բազմաթիւ ակադեմական յօդուածներու եւ հրապարակումներու տեսական բնագիտութեան, աստղաֆիզիքայի, համակարգչային ծրագրաւորման, քաղաքագիտութեան եւ անցումային տնտեսութեան ոլորտներու մէջ: Ունի արտակարգ եւ լիազօր դեսպանի դիւանագիտական աստիճան:

Ինչպէս ծանօթ է, Ազգային ժողովը Հայաստանի Հանրապետութեան չորրորդ նախագահը պիտի ընտրէ Մարտի 2-ին:

Շաբաթ, Յունուար 27, 2018