ԱՊԱԳԱՅԻ ՀԱՄԱՐ ՆԵՐԴՐՈՒՄ

Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ երէկ խանդավառ օր մը ապրուեցաւ՝ Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանի տարեկան հանգանակութեան առթիւ։ Կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական արարողութիւններուն նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։

Եկեղեցին առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ լեցուած էր։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Անդրէաս Ա. Քհնյ. Յակոբեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Ռոպէր Սրկ. Քիւչիւքաքպուլութ եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Գողթան դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Յովսէփ Գույումճեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Կարպիս Քըլըճեանի։

Նորին Ամենապատուութիւնը օրուան քարոզին մէջ նախ ցաւով անդրադարձաւ վերջին օրերուն Էլազըղի մէջ պատահած երկրաշարժի ծանր հետեւանքներուն։ Ան աւելի վերջ խօսեցաւ մեր հաւաքական կեանքէ ներս գիտութեան կարեւորութեան մասին։ «Վարժարանները այն վայրերն են, ուր կը բացուին մեր հորիզոնները, մեր միտքը։ Այստեղ լաւ դրուագ մը կայ, որովհետեւ կը բացուին երեխաներու աչքերը», ըսաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, որ կանգ առաւ «Հրանդ Տինք» կրթօճախի առաքելութեան վրայ եւ օրհնեց այնտեղ տարուած աշխատանքը։ Ան շարունակեց. «Այս դպրոցը կոչուած է «Հրանդ Տինք»ի անունով։ Սա շատ կարեւոր անուն մըն է մեզի համար։ Իր կեանքի ողջ տեւողութեան յաջող գործեր տեսաւ։ Իր մահէն առաջ խիստ ելոյթներ ունեցաւ։ Ուզեց լոյս սփռել եւ այդ լոյսը սփռեց։ Մեզի սորվեցուց կեանքի մէջ ըլլալ քաջ, ազնիւ եւ ճշմարտասէր։ Ամենակարեւորը՝ սորվեցուց նաեւ կամուրջներ կառուցելը։ Իրեն համար պիտի աղօթենք եւ զինքը միշտ պիտի յիշենք։ Ամէն մարդ թող իր սրտէն անցած օժանդակութիւնը ցուցաբերէ՝ իր անունով կոչուած դպրոցին համար»։

Իր քարոզին մէջ Նորին Ամենապատուութիւնը անդրադարձաւ նաեւ մեր համայնքի կարգ մը վարչական խնդիրներուն՝ շեշտելով անմիաբանութեան խնդիրները։ «Եթէ մենք նայինք մեր անցեալին, ապա կը տեսնենք, որ որպէս հաւաքականութիւն՝ չենք կրնար կողք կողքի գալ։ Մեր հաստատութիւններու ղեկավարները չեն յաջողիր քով քովի գալով մեր առկայ խնդիրները լուծել։ Այս խնդիրը պէտք է յաղթահարենք։ 2020 թուականին կարեւորութիւն պիտի ընծայենք այս հարցին նկատմամբ։ Քանի մը ամսուան ընթացքին հաստատութիւններու ատենապետները պիտի համախմբենք սեղանի մը շուրջ։ Անմիաբանութեան հարցը պիտի վերցնենք ու ես տեղեակ պիտի պահեմ ձեզ՝ որպէս ձեր պատրիարքը։ Այս բանին կարիքը ունինք՝ որպէս հաւաքականութիւն։ Դրամ ունինք, սակայն ճշմարտութիւն չունինք», ըսաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։

Ս. Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որու ընթացքին վերյիշուեցաւ նաեւ հոգելոյս Հրանդ Տինք։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ յարակից «Պէզճեան» սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Աշխարհիկ հանդիսութեան եւս նախագահեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։ Ներկաներու շարքին էին վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլու, Հայր Աբրահամ Ծ. Վրդ. Ֆըրատեան, Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեան, ներկայացուցչութեան խորհրդական Նաղաշ Յակոբեան, զանազան քաղաքապետարաններէ հայազգի գործիչներ, բարերարներ, համայնքային մարմիններու ներկայացուցիչներ, հասարակական գործիչներ, համակիրներ եւ հիւրեր։ Դալար եւ Արթօ Հորոզօղլու ամոլին կողմէ գլխաւորուած դպրոցի կամաւոր մատակարար մարմինը շատ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց բոլոր ներկաները։

Օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ Լուսինէ Յարութիւնեանի հանդիսավարութեամբ։ Վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլու յայտնեց, որ Հայաստանէն արտագաղթած ընտանիքներու զաւակները «որբ պիտի չմնան» եւ անոնց հասնելուն համար ամէն ջանք ի գործ պիտի դրուի։ Ելոյթներ ունեցան նաեւ Դալար Հորոզօղլու եւ դպրոցի տնօրէնուհի Հերիքնազ Աւագեան, որոնք բացատրութիւններ տուին դպրոցէն ներս ծաւալուած աշխատանքին, պիւտճէի կարիքներուն եւ աշակերտներու նկատմամբ ցուցաբերուած ջերմ վերաբերմունքին շուրջ։

Գեղարուեստական բաժնին մէջ դպրոցի սաները խմբերգներ ներկայացուցին՝ Հրանդ Չիզմէճեանի մականին ներքեւ։ Անժելա Ենկոյեանն ալ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նուիրեց իր կողմէ ստեղծագործուած նկար մը։

Հաւաքոյթը աւարտին հասաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հուսկ բանքով։ Էլազըղի վերջին երկրաշարժի լոյսին տակ՝ Նորին Ամենապատուութիւնը յիշեցուց, որ Իսթանպուլն ալ երկրաշարժի գօտիի մէջ կը գտնուի։ Ըստ իրեն, յատուկ յանձնախումբ մը պէտք է ստեղծուի՝ մեր վարժարաններու շէնքերու ամրութիւնը ստուգելու համար։ «Մեր վարժարաններու ապահովութիւնը անպայման պէտք է աչքէ անցընենք։ Այս բանը խրախուսեցէք՝ որպէս ծնողներ, շրջանաւարտներ եւ համակիրներ», ըսաւ ան։ Աւելի վերջ Նորին Ամենապատուութիւնը բարձր գնահատեց վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլուն, դրուատեց նաեւ Հորոզօղլու ամոլը։ «Մեր վարժարանները ունին մեծ հարցեր։ Որոշ խնդիրներ դրամով կրնաք լուծել, սակայն հիմնական հարցերը միայն դրամով չէք կրնար լուծել։ Ինչո՞ւ մեր տղաքը եկեղեցի չեն գար։ Շրջանաւարտ ըլլալէ վերջ մեր տղաքը կը կորսուին։ Այս հարցերը պէտք է լուծենք։ Մենք կազմակերպչական խնդիրներ ունինք», ըսաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։

Սիրոյ սեղանը եզրափակուեցաւ միասնական աղօթքով։

Երկուշաբթի, Յունուար 27, 2020