ՊԼԻՆՔԸՆ ՊԵՏԱԿԱՆ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐ
Նորընտիր նախագահ Ճօ Պայտընի գործի գլուխ գալուն զուգահեռ, Ծերակոյտի հաւանութեամբ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նոր պետական քարտուղարը դարձաւ Էնթընի Պլինքըն։ Այս վերջինը Ճօ Պայտընի երկարամեայ խորհրդականն էր։ Այժմ ան կը ստանձնէ աշխարհի հետ Ուաշինկթընի յարաբերութիւնները վերատեսութեան ենթարկելու եւ վերաբանաձեւելու բարդ առաքելութիւնը՝ արդէն արտաքին գործոց նախարարի դերակատարութեամբ։
ԱՄՆ-ի Ծերակոյտէն ներս իր թեկնածութեան շուրջ կազմակերպուած լսումներու ընթացքին Էնթընի Պլինքըն հաւաստիացուցած էր, որ Ճօ Պայտընի վարչակազմը լիովին պատրաստ է հակազդելու բռնապետական երկիրներու եւ նոր փորձագիտութիւններով պայմանաւորուած սպառնալիքներու դէմ։
Էնթընի Պլինքըն 58 տարեկան է։ Նախկին նախագահներէն Պարաք Օպամայի պաշտօնավարութեան շրջանին ան եղած էր պետական քարտուղարի տեղակալ։