ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԲԱՆԱԿԸ ՏԵՒԱԲԱՐ ԴԻՐՔԵՐ ԿԸ ԶԻՋԻ

Հակառակ 44-օրեայ պատերազմէն վերջ հաստատուած հրադադարին, Ատրպէյճանի բանակը հրադադարի խախտումները կը շարունակէ Արցախի մէջ։ Շաբաթավերջին Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը հերթական անգամ խախտեցին 9 նոյեմբեր 2020 թուականի եռակողմանի հրադադարի յայտարարութիւնով ստանձնուած պարտաւորութիւնները։ Այսպէս, Արցախէ ներս, Շուշի-Լիսակոր հատուածին մէջ անոնք իրականացուցին կարգ մը գործողութիւններ եւ ապահովեցին որոշակի դիրքային յառաջխաղացում։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւնները եռակողմանի յայտարարութեան դրոյթներու հերթական կոպիտ խախտման մասին անմիջապէս տեղեակ պահեցին Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարութիւնը՝ հաշուի առնելով վերոյիշեալ փաստաթուղթով անոնց վիճակած առաքելութիւնն ու գործառոյթները։ Արցախի իշխանութիւնները կ՚ակնկալեն խաղաղապահ զօրակազմէն գործնական քայլեր՝ այս խախտման հետեւանքներու վերացման եւ նոր խախտումներու կանխարգիլման նպատակով։ Ատրպէյճան այս վերջին գործողութիւնները հիմնաւորելու համար հերթական անգամ օրակարգի վրայ բերած է կեղծ պնդումներ։ Արցախի իշխանութիւնները քանիցս կրկնած են, որ անցեալ դեկտեմբերի 12-էն ի վեր արդէն կը գտնուին շրջափակման տակ եւ Լեռնային Ղարաբաղի ճանապարհները կ՚օգտագործուին Ստեփանակերտի եւ Շուշիի շրջանի չորս համայնքներու միջեւ քաղաքացիական եւ հրատապ հաղորդակցութեան կազմակերպման նպատակով։  

Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ այս դէպքին կապակցութեամբ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը։ Այս առթիւ շեշտուեցաւ, որ Լեռնային Ղարաբաղ կ՚ակնկալէ Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբին կողմէ գործնական քայլեր՝ վերացնելու համար Ատրպէյճանի կողմէ հրադադարի հերթական խախտման հետեւանքները։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, աւելի ուշ տեղեկացուեցաւ, որ Ստեփանակերտ-Ղայրալիշէն-Լիսակոր ճանապարհի յարակից բարձունքներէն մէկուն Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու դիրքային յառաջխաղացումէն յետոյ Ռուսաստանի խաղաղապահները դիրքաւորուած են տուեալ բարձունքին եւ կը վերահսկեն այդ կէտի ընդհանուր իրադրութիւնը։ Մոսկուայէն ալ անմիջապէս արձագանգ մը եկաւ հրադադարի երէկուան խախտումին կապակցութեամբ։ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ ռուսական խաղաղապահ զօրամիաւորման հրամանատարութիւնը միջոցներ կը ձեռնարկէ տագնապալի իրավիճակի սրումը եւ սադրանքները կանխելու համար։ «Ատրպէյճանին պահանջ ներկայացուած է պետութիւններու ղեկավարներու եռակողմանի համաձայնագրի դրոյթները կատարելու, ճարտարագիտական աշխատանքները դադրեցնելու եւ զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները նախկին դիրքեր վերադարձնելու անհրաժեշտութեան մասին», նշուած է ռուսական կողմի հաղորդագրութեան մէջ։ Բաց աստի, ըստ ռուսական կողմին, հրադադարի խախտում մըն ալ արձանագրուած է Մարտունիի շրջանէն ներս։ Տուժածներ չեն եղած եւ դէպքին կապակցութեամբ հետաքննութիւնը կը շարունակուի։

Մինչ այդ, Պաքուէն կրկին առաջարկ հնչեց, որպէսզի Ատրպէյճանի տարածքին մէջ հանդիպում մը տեղի ունենայ Լեռնային Ղարաբաղի հայերու ներկայացուցիչներուն հետ։

Միւս կողմէ, Արցախի այս մտահոգիչ իրադարձութիւններու մթնոլորտին մէջ շաբաթավերջին հեռախօսազրոյցներ տեղի ունեցան Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի, ինչպէս նաեւ արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի միջեւ։

Երկուշաբթի, Մարտ 27, 2023