ՀԱՅԱՍՏԱՆ 1 - ԹՈՒՐՔԻԱ 2

2024 թուականի ֆութպոլի Եւրոպայի առաջնութեան ընդառաջ, շաբաթավերջին սկսան որակաւորման փուլի հանդիպումները։ «Եւրօ-2024»ի նախորդած որակաւորման փուլի հանդիպումներուն ծիրէն ներս, D խմբաւորման հանդիպումներու շարքին, Երեւանի մէջ մրցում մը տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ ֆութպոլի ազգային հաւաքականներուն միջեւ։ «Վազգէն Սարգսեան» հանրապետական մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ խաղը, որուն առթիւ Երեւան մեկնեցաւ նաեւ Մարմնամարզի եւ երիտասարդութեան նախարար Մեհմէտ Քասապօղլու։ Մարզասէրներու վառ հետաքրքրութեան մթնոլորտին մէջ տեղի ունեցաւ մրցումը, որմէ 2-1 առաւելութեամբ յաղթական դուրս եկաւ թրքական ընտրանին։ Առաջին խաղակէսին հայկական ընտրանին բացաւ մրցման հաշիւը, սակայն արդէն թրքական ընտրանին որոշ ժամանակ անց ապահովեց հաւասարութիւն։ Իսկ երկրորդ խաղակէսին թրքական խումբը կոլ մը եւս արձանագրել յաջողեցաւ եւ այսպէսով 1-2 արդիւնքով առաւելութեան հասաւ հայկական ընտրանիին վրայ։ Այսպէսով որակաւորման փուլի խաղերուն երեք միաւոր ապահովելով սկսած եղաւ Թուրքիոյ ազգային հաւաքականը։

Այս նոյն խմբաւորման հանդիպումներուն ծիրէն ներս, Թուրքիա-Հայաստան յաջորդ խաղը նախատեսուած է յառաջիկայ աշնան՝ սեպտեմբեր ամսուան տեւողութեան։

Երկուշաբթի, Մարտ 27, 2023