ԱՆՆԱԽԸՆԹԱՑ ԾՐԱԳԻՐ

Ե­րե­ւա­նի մէջ ա­ռա­ջին ան­գամ տե­ղի կ՚ու­նե­նայ Օ­փե­րա­յի մի­ջազ­գա­յին փա­ռա­տօն մը, որ կը սկսի այ­սօր։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, «Ե­րե­ւա­նի ա­ռա­ջին մի­ջազ­գա­յին օ­փե­րա­յի փա­ռա­տօն» կը կո­չուի այս մէ­կը ու կը նա­խա­տե­սուի, որ ու­նե­նայ ա­մե­նա­մեայ բնոյթ։ Այս ա­ռա­ջին փա­ռա­տօ­նը ձօ­նուած է հայ մե­ծա­նուն թե­նոր Գե­ղամ Գրի­գո­րեա­նին։ Փա­ռա­տօ­նի ծի­րէն ներս հան­դէս պի­տի գան հա­մաշ­խար­հա­յին ճա­նաչ­ման ար­ժա­նա­ցած օ­փե­րա­յի եր­գիչ­ներ։ Փա­ռա­տօ­նի գե­ղա­րուես­տա­կան ղե­կա­վարն է Ե­րե­ւա­նի Օ­փե­րա­յի եւ պա­լէի ազ­գա­յին ա­կա­դե­մա­կան թատ­րո­նի գե­ղա­րուես­տա­կան ղե­կա­վար Կոնս­տան­դին Օր­բե­լեան։

Փա­ռա­տօ­նին շրջագ­ծով նա­խա­տե­սուած հա­մերգ­նե­րը պի­տի շա­րու­նա­կուին մին­չեւ շա­բա­թա­վերջ։

 

Հինգշաբթի, Ապրիլ 27, 2017