«ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ԴՌՆԵՐԸ ՊԷՏՔ ՉԷ ՓԱԿՈՒԻՆ ԿԱՆԱՆՑ ԱՌՋԵՒ»

Կին ձեռներէցներու համաշխարհային միութեան (FCEM) միջազգային համաժողովը լայն հնարաւորութիւն կու տայ բարձրացնել Հայաստանի գործարարութեան, զբօսաշրջային եւ մշակութային գրաւչութիւնը:

«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ համաժողովը կազմակերպուած է Հայաստանի Երիտասարդ կանանց միութեան եւ Հայաստանի Կին ձեռներէցներու ցանցի կողմէ: Համաժողովը տեղի կ՚ունենայ ապրիլի 24-28 թուականներու միջեւ:

Կին ձեռներէցներու համաշխարհային միութեան հայաստանեան գրասենեակի նախագահ, Հայաստանի Երիտասարդ կանանց միութեան եւ Հայաստանի Կին ձեռներէցներու ցանցի նախագահ Լիլիթ Ասատրեան նշեց, որ Հայաստանի մէջ կանանց ձեռներէցութեան խրախուսման ուղղութեամբ տակաւին շատ ընելիքներ կան:

Կին ձեռներէցներու համաշխարհային միութեան նախագահ Մարի-Քրիստին Օղլի ըսաւ, որ այն տնտեսական բարենորոգումներու ծրագիրը, որ ներդրուած է Հայաստանի մէջ, թափանցիկութիւն կը հաղորդէ Հայաստանի Հանրապետութեան տնտեսութեան:

«Կանայք միշտ չէ, որ պատշաճ ներկայացուած են, զանոնք պէտք է կրթել, հնարաւորութիւններ ընձեռել, որովհետեւ մինչ այժմ կան ոլորտներ, որոնք կը համարուին տղամարդկանց յարիր։ Անհրաժեշտ է այնպէս ընել, որ տնտեսական զարգացման դռները չփակուին կանանց առջեւ», նշեց Մարի-Քրիստին Օղլի։

Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Լին Թրէյսին ալ նշեց, որ կնոջ տնտեսապէս հզօր ըլլալը կը նպաստէ նաեւ ընտանիքներու հզօր ըլլալուն:

«Կանանց մասնակցութիւնը համաշխարհային տնտեսութեան՝ կրնայ նպաստել աշխարհի մէջ տնտեսական զարգացման: Կանայք բազմաթիւ խնդիրներու կը բախին, օրինակ՝ աշխարհի 104 երկրի մէջ կանանց արգիլուած է որոշակի աշխատանքներ իրականացնել: Սա կը նշանակէ, որ 2.7 միլիառ կին չունի նոյն հնարաւորութիւնը, ինչ որ ունին տղամարդիկ: Աշխարհի մէջ կանանց կողմէ ղեկավարուող գործարարութիւնները կը կազմեն ամբողջ գործարարութիւններու մէկ երրորդը», ըսաւ դեսպանը եւ յաւելեց, որ Միացեալ Նահանգներ պատրաստ է աշխատիլ այս ուղղութեամբ, որպէսզի փոխուի այս վիճակագրութիւնը:

Իր կարգին, Հայաստանի մօտ Մեծն Բրիտանիոյ եւ Հիւսիսային Իրլանտայի միացեալ թագաւորութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ճուտիթ Մարկրիթ Ֆարնուորթ ընդգծեց, որ կանանց ներգրաւուածութեան պարագային ծրագրերը առաւել արդիւնաւէտ կ՚ըլլան։

«Անհնար է բարգաւաճիլ, եթէ հասարակութեան ողջ ներուժը բացայայտուած չէ։ Այսօր կիները տնտեսութեան մէջ ներգրաւելու քաղաքական կամքը առկայ է, սակայն կանանց ներուժը, որ լեփլեցուն է, չ՚օգտագործուիր։ Միայն յաջողակ կանայք կրնան ինքնավստահ ըլլալ», ըսաւ ան։

  FCEM միջազգային համաժողովին կը մասնակցի 21 երկիր՝ Աւստրալիա, Պելժիա, Պահրէյն, Պանկլատէշ, Չեխիա, Խրուաթիա, Եգիպտոս, Վրաստան, Իտալիա, Ճաբոն, Յորդանան, Քուէյթ, Լիբանան, Մաւրիկիա, Մոնաքօ, Փերու, Զուիցերիա, Սլովաքիա, Թայուան, Ֆրանսա, Հայաստան:

Շաբաթ, Ապրիլ 27, 2019